ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած 92-րդ համագումարի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի պատգամին բովանդակութիւնը։

*

Մեծարգոյ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Մեծարգոյ նախագահ ՀԲԸՄ-ի,
Սիրելի ներկաներ,

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ համագումարի առթիւ հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները կը բերենք ձեզ ամէնքիդ։

Այսօր վերստին կ՚անդրադառնանք Միութեան ազգաշահ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան։ ՀԲԸՄ աւելի քան 100-ամեայ իր գործունէութեամբ մնայուն հետք թողած է մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ։ Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ հաստատուած կառոյցներով Բարեգործականը նախանձախնդրօրէն ծառայած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին՝ կարեւոր նպաստ բերելով ազգիս զաւակներու կրթութեան, ինքնութեան ճանաչման, հայրենասիրական ոգիի զօրացման, ազգային եւ հայրենական կեանքի յառաջընթացի ու բարօրութեան համար։

«Մի՛ մոռացէք բարեգործութիւնը եւ ձեր ունեցած բարիքներուն միմիանց մասնակից դարձնելը, քանզի այդպիսի՛ պատարագները հաճելի են Աստուծոյ», կ՚ըսէ առաքեալը (Եբր. 13.16)։ ՀԲԸՄ-ի նուիրեալները այս պատգամով մշտապէս իրենց սպասաւորութիւնը մատուցած են ազգային-եկեղեցական անդաստանի մէջ։ Խոնարհում կը բերենք եւ աղօթքով կը յիշենք Բարեգործականի մեծանուն նախագահները՝ Պօղոս Նուպար փաշան, Գալուստ Կիւլպէնկեանը, Զարեհ Նուպարը, Արշակ Գարակէօզեանը, Ալեք Մանուկեանը, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը եւ բոլոր լուսահոգի անդամները, որոնց ուղենշած ճանապարհով ներկայիս նոյնպէս ՀԲԸՄ նորանոր յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ իր քաջեռանդ նախագահի՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանի առաջնորդութեամբ։

ՀԲԸՄ-ի այս համագումարը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի համար դժուարին ժամանակաշրջանի մէջ։ Մեր ժողովուրդը կանգնած է նոր կորուստներու վտանգներու առջեւ։ Բաղձալի խաղաղութեան հաստատման շուրջ ընթացող գործընթացները ներկայացուող պարտադրանքներով լուրջ տարակուսանքներ կը յարուցեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, Արցախի կարգավիճակի եւ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ կայունութեան հաստատման առընչութեամբ։ 44-օրեայ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու արհաւիրքները յաղթահարելու համար այսօր Հայաստան ու Արցախ կարիքն ունին աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի համախմբման, այլեւ բարեկամ պետութիւններու շարունակական սատարումին։ ՀԲԸՄ իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող ազգային հաստատութիւնները համագործակցաբար աննուազ ջանքեր պէտք է ներդնեն գործուն միջոցներով հետապնդելու համար ազգային մեր շահերը եւ մշտահունչ պահելու կոչը մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նկատմամբ արդարութեան հաստատման։ Ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար անհրաժեշտ եւ հրատապ է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի միաբանութիւնը, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու վերաիմաստաւորումն ու զօրացումը, ազգային մեր ամբողջ ներուժի նպատակային մէկտեղումը։

Գոհունակութիւն է Հայրապետիս համար հաստատել, որ ՀԲԸՄ միշտ եղած է հայրենիքի կողքին ինչպէս Առաջին Հանրապետութեան, այնպէս ալ խորհրդային ժամանակներուն եւ անկախութեան տասնամեակներուն՝ մշտապէս արձագանգելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջներուն։ Բարեգործականի գործունէութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն եղած է ու կը շարունակէ մնալ զօրակցութիւնը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ ՀԲԸՄ-ի բազմաթիւ իրագործումներով արգասաւորուած գործակցութիւնը կրթական, մշակութային, ընկերային, եկեղեցաշինական բնագաւառներու մէջ օրհնութիւն դարձած է կեանքէն ներս։ ՀԲԸՄ Արցախի ազատագրական շարժման տարիներուն, այդուհետ եւ վերջին պատերազմի ամբողջ ընթացքին զանազան ծրագրերու միջոցաւ զօրակից եղաւ արցախահայութեան, գերեվարուած եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն։ Արցախահայութեան նկատմամբ Բարեգործականի հոգածութեան արտայայտութիւնն էր նաեւ մեզի հետ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը Արցախ։

Մեր Սուրբ Եկեղեցին, հաւատարիմ հայրենական կեանքի յառաջընթացի, պետութեան զօրացման եւ ազգային իղձերու իրականացման տեսլականին, կը շարունակէ կարելի իր նպաստը բերել առկայ հիմնախնդիրներու յաղթահարման, մեր երկրի խաղաղ ու ապահով ապագայի կերտման եւ ազգի բարօրութեան ուղղեալ ջանքերուն։

ՀԲԸՄ-ի մեծարգոյ նախագահ եւ պատուարժան անդամներ, Աստուծոյ օգնականութիւնն ու օրհնութիւնը կը հայցենք ձեզի ազգանպաստ ձեր առաքելութեան մէջ։ Մեր աղօթքն է, որ Ամենակալն Աստուած նորանոր յաջողութիւններով ու ձեռքբերումներով արդիւնաւորէ ՀԲԸՄ-ի աստուածահաճոյ ծառայութիւնը՝ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի եւ ի շինութիւն մեր հայրենիքի։

Բարի ընթացք կը մաղթենք համագումարի աշխատանքներուն։

Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհները, սէրը եւ խաղաղութիւնը ըլլան մեզ ամէնքիս հետ, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2022