ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, յոբելեար սրբազանը Ուաշինկթընի մէջ կը գլխաւորէ Արեւելեան թեմի միջեկեղեցական գրասենեակը՝ որպէս թեմակալ պատուիրակ։ Նորին Սրբազնութեան ի պատիւ յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չելթընհեմի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Իր յոբելեանին առթիւ ան նախ Ս. Պատարագ մատոյց այս եկեղեցւոյ երդիքին տակ, իսկ աւելի վերջ յարակից սրահին մէջ մեծարուեցաւ մասնաւոր ճաշկերոյթով մը։ Տքթ. Կարօ Ղարիպեանի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած ճաշկերոյթին Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն մասնակցեցան Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան եւ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան, որոնք բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան օրուայ յոբելեարի նուիրումին մասին։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեանի շնորհաւորականը։ Ներկաներու շարքին էին Ամերիկեան հայկական համագումարէն Պրայան Արտունի եւ Թալին Պապայեան, ինչպէս նաեւ Լաֆայէթ համալսարանէն Ռէյչըլ Կօշկարեան։ Այս վերջինները Արեւելեան թեմի առաջնորդարանէն ներս եղած էին Նորին Սրբազնութեան գործակիցները։ Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեան, սարկաւագներն ու երգեցիկ դպիրներն ալ ջերմօրէն շրջապատեցին օրուան յոբելեարը։

Բացի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս մատուցած ծառայութիւններէն, Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եղած է ԱՄՆ-ի Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահը, որ այդ երկրի յառաջատար միջեկեղեցական կազմակերպութիւնն է։ Նորին Սրբազնութիւնը կ՚անդամակցի նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ղեկավարութեան։ Քրիստոնեայ աշխարհէն ներս ան կը ճանչցուի՝ որպէս էքիւմենիք ազդեցիկ դէմք։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021