ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը։ Այս վերջինը փութացած էր ներկայացնելու համար յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած իր նոր գործընկերները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց՝ տեսնելով, որ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն ներկայացուցած են արժէքաւոր դէմքեր։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ բարձր գնահատեց ծխական խորհուրդին կողմէ որդեգրուած նախանձախնդիր կեցուածքը՝ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղութեամբ։

Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ընտրութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 24-ին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022