ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՄԻՒՌՈՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ վերջին օծումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր  Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը՝ վեր առնելով լուսահոգի տէր հօր վաստակն ու ծառայութիւնները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին մեր հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները, Յունաց Պատրիարքարանէն եւ Հայ Կաթողիկէից արքեպիսկոպոսարանէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, վարչայիններ եւ հաւատացեալներ, որոնք փութացած էին իրենց խոնարհումը բերել տէր հօր բարի յիշատակին առջեւ։ 

Տ. Միւռոն Ա. Քահանայ Այվազեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ, ուր թաղման կարգին հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018