ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՌՈՒՍ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ՓԱՌՔԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու խորհուրդի նախագահ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի։ Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու այս օրուայ եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, ռուսաց պատրիարքը երէկ Մոսկուայի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ։ Փաշատազէի հետ զրոյցի ընթացքին ռուսաց պատրիարքը յայտնեց, որ քաղաքական գործօնը կը խանգարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։

Քիրիլ Ա. Պատրիարքը երէկուան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «Փառքի եւ Պատուի» առաջին աստիճանի բարձր շքանշանով՝ իր հոգեւոր եղբօր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021