Տ. ՏԻՐԱՅՐ ՎՐԴ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՆԹՎԵՐՊԵՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ

Շաբաթավերջի դրութեամբ Պելժիոյ Անթվերպեն քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Ան Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ իր նոր կարգավիճակով առաջին Ս. Պատարագը մատոյց՝ հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, նորին սրբազնութիւնը, նորանշանակ հայր սուրբը եւ ներկայ միւս հոգեւորականները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին համայնքի անդամներուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Անթվերպենի ծուխը, որ 2016 թուականին ստեղծուած է, կը կոչուի՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացի։ Համայնքէն ներս կը գործէ նաեւ «Նոյ» հայ տիկնանց հասարակական, բարեգործական ու մշակութային միութիւնը։

Նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան 2018-2022 թուականներուն եղած էր Իտալիոյ հայոց հոգեւոր հովիւը՝ ծաւալելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023