ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ, երէկ, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Կովկասի Մահմետականներու խորհուրդի նախագահ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի միջեւ։ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Դանիէլ պատրիարքանիստ վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի տեսակցութիւնը։ 1988 թուականէն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ կազմակերպուած, այս ձեւաչափով արդէն 17-րդ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ։ Այս առթիւ Մոսկուայէն հնչեցին հոգեւոր առաջնորդներու խաղաղութեան յորդորները։

Հանդիպումը սկսաւ ռուսաց պատրիարքի բացման խօսքով, որու ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք այսօր հաւաքուած ենք քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի բազմամեայ հակամարտութեան հետեւանքներու յաղթահարման խնդիրը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները ներգրաւուած են այդ մէկուն։ Շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր մենք՝ հոգեւոր առաջնորդներս, կը ջանանք մեղմել այս ողբերգական հակամարտութիւնը։ Աստուծմէ կոչուած ենք սէր եւ ողորմութիւն քարոզելու, նոյնիսկ երբ սա կը թուի դժուար իրականանալի։ (…) Քաջ յայտնի է, որ հոգեւոր կեանքի ոլորտը մարդու համար ամենազգայունն է։ Ցաւօք, կան մարդիկ, որոնք բռնութիւնը, դաժանութիւնն ու արիւնահեղութիւնը կ՚արդարացնեն կրօնով։ Մենք կոչուած ենք համատեղ միանշական պատասխան մը տալ կրօնը եւ պատերազմը իրարու կապելու փորձերուն»։

Ռուսաց պատրիարքէն վերջ արտայայտուեցան նաեւ Վեհափառ Հայրապետն ու շէյխիւլիսլամ Փաշազատէ։ Հանդիպման աւարտին համատեղ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ։ Քննարկումներու արդիւնքին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ դարձեալ ռուսաց պատրիարքը, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց՝ օգնել գերիներու ազատ արձակման եւ թոյլ չտալ զէնքի կամայական կիրառման Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան աւելցուց նաեւ, որ անհրաժեշտ է ամբողջ ուժով ձգտիլ ատելութեան քարոզէ խուսափելու։

«Կոչ կ՚ուղղենք լոյս սփռել անհետ կորսուածներու ճակատագրին վրայ, նպաստել գերիներու ազատ արձակման եւ թոյլ չտալ զէնքի կիրառում, ինչ որ խաղաղ բնակչութեան համար վտանգներու յղի է», ըսաւ Քիրիլ Ա. Պատրիարք դռնփակ հանդիպումէն վերջ։ Իր խօսքով՝ կրօնական առաջնորդները պատրաստ են աջակցիլ երկու ժողովուրդներու հաշտեցման եւ, իր հերթին, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին ալ կ՚աղօթէ նոյն ուղղութեամբ։

Քանի մը ժամ տեւած եռակողմանի հանդիպումը ռուսաց պատրիարքը որակեց օրինակելի։ «Ես կը յուսամ, թէ մենք ձեզի հետ կը գտնենք ճիշդ բառեր, որոնք ամենաշատ պէտք են մեր ժողովուրդներուն։ Կը հաւատամ, թէ հոգեւոր առաջնորդներու հեղինակութիւնը կրնայ բարենպաստ ազդեցութիւն ունենալ մարդոց մտորումներուն վրայ։ Կը հաւատամ, թէ այս օրուայ հանդիպման փաստն ու ձեր միջեւ երկխօսութիւնը, սիրելի եղբայրներ, օրինակ կը դառնայ բոլորին համար», նշեց Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021