ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութեան օրակարգի զանազան հարցերը՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։

Միւս կողմէ, նոյնպէս շաբաթավերջին Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւեց այս զրոյցը, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Կաթողիկոսարանի առցանց հեռուստաալիքով։ Անդրադարձ կատարուեցաւ երիտասարդութեան եւ սփիւռքի վերաբերեալ զանազան հարցերու։ Արամ Ա. Կաթողիկոս կանգ առաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին վրայ հայկական կեանքէն ներս։ Ան ընդգծեց սփիւռքի կառոյցներու վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման կարեւորութիւնը։

Հարկ է նշել, որ 2022 թուականը Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է «Սփիւռքի տարի»։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021