ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼՈՄԷ ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան:

Ողջունելով Վրաստանի նախագահի այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպումները, որոնք կը նպաստեն հայ-վրացական բարեկամական կապերու առաւել ամրապնդման: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց երկու երկիրներու միջեւ ընդլայնուող գործակցութիւնը՝ զայն համահունչ նկատելով դարաւոր բարեկամութեան:

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մէջ առանձնակի դերակատարութիւն ունեցած է քրիստոնէական հաւատքն ու արժեհամակարգը. երկու ժողովուրդներն ալ իրենց պատմութեան ընթացքին հաւատքի շնորհիւ կարողացած են յաղթահարել բազում փորձութիւններ ու դժուարութիւններ: Գարեգին Բ. Հայրապետը կարեւոր նկատեց ներկայ ժամանակներուն քրիստոնէական նոյն արժեհամակարգի անաղարտ պահպանութեան ուղղուած ջանքերը եւ այդ գործին իշխանութիւններու զօրակցութիւնը:

Իր խօսքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր անդրադարձ կատարեց Վրաստանի մէջ հայկական սրբավայրերու ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք վրաց իշխանութիւններու հոգածութեամբ կը գտնեն իրենց լուծումը:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր եղբայրական ողջոյնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին:

Իր հերթին, նախագահ Զուրապիշվիլին ալ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան իր երկրորդ այցի առիթով, ապա անդրադարձաւ Վրաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Խօսելով տարածքաշրջանէ ներս տիրող իրավիճակի մասին՝ Վրաստանի նախագահը նշեց, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Զուրապիշվիլի նաեւ անդրադարձ կատարեց երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցութեան եւ անոր զարգացման հեռանկարներուն:

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Վրաստանի նախագահը քննարկեցին նաեւ երկու երկիրներու ու ժողովուրդներու կեանքը յուզող խնդիրներ:

Հանդիպման վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մաղթեց, որ վրացի եղբայր ժողովուրդը Բարձրեալ Տիրոջ Աջի հովանիի ներքոյ մշտապէս ապրի խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան եւ երկու երկիրներու դեսպանները:

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2019