ՄԻԱԾՆԱԷՋ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳՄԲԷԹԻ ԽԱՉԸ ՎԵՐԱՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալները հերթական անգամ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան։ Այսպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, որ Արարատեան տօներու շաբաթը կը պսակէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ միաբաններու կողմէ։ Այս առթիւ Ս. Տրդատ Գ. հայոց արքայի անունը կրող բաց խորանին առջեւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Միածնաէջ Մայր Տաճարի խորհուրդին եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կարեւոր առաքելութեան ու նշանակութեան։ Տօնին բերկրանքը աւելցաւ նշանակալի այլ իրադարձութիւնով մը։ Այսպէս, Միածնաէջ Մայր Տաճարի գմբէթի խաչը Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ օծուեցաւ ու վերատեղադրուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Ինչպէս ծանօթ է, Մայր Տաճարի ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուէին երկար ժամանակէ ի վեր։ Այս ամբողջին մէջ, հերթական փուլի աւարտին շնորհիւ ամբողջութեամբ հիմնանորոգուած է տաճարի գմբէթը։ Ուստի, երէկուան Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ տաճարի գմբէթի նորակերտ խաչի օծման արարողութիւնը։ Հին խաչը, որ վնասուած էր ժամանակներու ներգործութեան պատճառով, իր մշտական հանգրուանը կը գտնէ Մայր Աթոռի թանգարանէն ներս։

Բաց խորանին առջեւ, ըստ ընկալեալ կարգի, նախ սաղմոսներու ներքեւ գինիով եւ ջուրով լուացուեցաւ խաչը։ Աւետարանական ընթերցումներէ եւ աղօթքներէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց գմբէթի նոր խաչը։

Նոյնպէս Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ օրուան տօնին առթիւ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի մաղթանք։ Հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ բարեպաշտ հայորդիները միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած հայոց ընդհանրական Մայր Աթոռի՝ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր սրբազան առաքելութեան յարատեւ իրականացման համար։ Այնուհետեւ նորաօծ խաչի առջեւ Վեհափառ Հայրապետը ուղղեց իր պատգամը ներկաներուն եւ համայն հայ ժողովուրդին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի եւ Մայր Տաճարի գմբէթի խաչի օծման ուրախալի առիթով։

Նորին Սրբութեան խօսքի աւարտին ծաղիկներով զարդարուած օծեալ խաչը հանդիսաւոր թափօրով տարուեցաւ Մայր Տաճարի առջեւ, ուր ներկաներու գոհաբանական մաղթանքներու եւ շարականներու երգեցողութեան ներքեւ կռունկով բարձրացուեցաւ եւ տեղադրուեցաւ տաճարի գմբէթին։

«Աստուածահաստատ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ պարգեւն է մեր ժողովուրդին իր Միածին Որդիի էջքով», ըսաւ այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020