ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Եոան Սաուքան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Քարլա Խիժոյեան, որ ԵՀԽ-ի մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան միջեկեղեցական շարժման ներկայ վիճակն ու մանաւանդ՝ ԵՀԽ-ի օրակարգի հարցերը։ Ներկայ ժամանակներու պայմաններու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ՝ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ մտահոգութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ։

Հանդիպումէն վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց հիւրերը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021