ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ

Մեծ պահքի վեցերորդ օրն է:

Եկեղեցւոյ հայրերը յաճախակի կերպով կրկնելով կը յիշեցնեն, թէ պահեցողութիւնը ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութիւն պէտք է ունենայ, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր հասկացողութիւն, եւ ամենէն կարեւորը հոգեւոր նպատակ:

Առ այդ, անհիմն է ոմանց արդարացումը, թէ մենք պահեցողութեան պէտք չունինք, որովհետեւ հոգեւոր գետնի վրայ բաւականաչափ կերպով աճած ենք եւ մեր յարաբերութիւնը շա՜տ սերտ է Աստուծոյ հետ: Այս եւ նմանատիպ արտայայտութիւնները ո՛չ թէ հոգեւոր աճ ունեցող անձերէ կու գայ, այլ անգիտակցաբար սատանայի ստրուկ դարձած անձերէ:

Եթէ այդպէս ըլլար, այսինքն հոգեւոր կեանքի մէջ աճ եւ զարգացում ապրած մարդիկ կարիք չունենային պահեցողութեան, հապա ինչո՞ւ Տէր Յիսուս Քրիստոս Ինք, Իր մկրտութենէն ետք քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր պահեցողութիւն ըրաւ: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցնելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մտ 4.1-2):

Ինչո՞ւ պահեցողութեան դիմեց Տէր Յիսուս: Ինք կարիք ունէ՞ր պահեցողութեան: Բնականաբար, որպէս Աստուած Ան կարիք չունէր պահեցողութեան, սակայն այդ քայլին դիմեց, որպէսզի մեզի պատգամ մը փոխանցէ: Ի՞նչ պատգամ. ցանկացած աշխատանք սկսելէ առաջ, ամփոփուիլ, առանձնանալ, պահք պահել, խնդրելու Աստուծոյ օգնութիւնը, առաջնորդութիւնը:

Միւս կողմէ, պահեցողութիւնը զէնք է մարդուն համար փորձութիւններուն դէմ: Մարդ երբ փորձութեան ենթարկուի, ինչքան դիմանայ, տոկայ, այդքան աւելի կը զօրանայ փորձութիւնը, փորձիչը ա՛լ աւելի կատղած ձեւով կը փորձէ իրեն ենթարկեցնել պահեցողը, սակայն չի՛ յաջողիր, որովհետեւ մարդ պահեցողութեամբ ինքզինք մաքրած, ամրացուցած եւ աստուածային օգնականութեամբ գօտեպնդած կ՚ըլլայ:

Հետեւաբար, նայինք մեր Տիրոջ եւ Իրմէ սորվինք պահք պահել, որպէսզի մեր ձեռնարկած որեւէ մէկ գործին միտքով ու հոգիով զօրացած կերպով սկսինք եւ երբ որեւէ մէկ փորձութեան հանդիպինք, կարենանք Աստուծմով յաղթահարել ու շարունակել մեր ընթացքը դէպի մեր նպատակակէտ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024