ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հանդիսապետութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի սահմանակից դիրքերու վերջին բախումներուն ժամանակ նահատակուած զինուորներուն համար։ Ս. Գայիանէ վանքի կամարներուն ներքեւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ՝ Ատրպէյճանի սադրանքին զոհ գացած հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Մինչ հոգեհանգստեան պաշտօնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան արտասանեց հակիրճ խօսք մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ սահմանի ցաւալի դէպքին, բոլորը հրաւիրեց աղօթել նահատակներու հոգիներու հանգստութեան, նաեւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023