ՄԻՇՏ ԿԱՐԵԼԻ Է ՎՍՏԱՀԻԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԿԱԽ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ

Երուսաղէմի կալուածական հարցերուն ծանօթ շրջանակները ներկայիս հաշուի կ՚առնեն զանազան հաւանականութիւններ՝ Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ խնդիրներու եւ մանաւանդ՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի փրկութեան հեռանկարին շուրջ։ Շուրջ երկու տարի առաջ Հայոց Պատրիարքարանը հրեայ գործարարի մը հետ համաձայնութիւն կնքելով՝ 99 տարուան ժամկէտով անոր վարձակալութեան յանձնած էր «Կովերու պարտէզ»ը։ Այդ քայլը լուրջ բողոքի պատճառ դարձած էր, որովհետեւ շատեր կը նշէին, որ 99 տարիով տարածքի վարձու տրուելու համաձայնագիրը ապօրինի է։ Պատճառը այն է, որ ըստ Սուրբ Աթոռի կանոնադրութեան, վանքապատկան կալուածի մը 25 տարիէն աւելի ժամկէտով վարձակալութեան համար անհրաժեշտ է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ընդհանուր ժողովին որոշումը կամ հաւանութիւնը։ Ակնյայտ է, որ այս պարագային գործարքը չէ վաւերացուած Միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ։ Պաղեստինի իշխանութիւններն ալ վերապահութեամբ եւ անհանգստութեամբ դէմ եկած էին այդ քայլին, որովհետեւ հայկական տարածքը գործնականօրէն կը յանձնուէր հրեայ գործարարի մը՝ այնտեղ պանդոկի մը կառուցման համար։ Յաչս արաբական իշխանութիւններուն, Երուսաղէմը արաբական տարածք մըն է եւ այնտեղ գործնականօրէն տարածքներ չեն յանձնուիր հրեաներուն։ Սա կողմերու ազդեցութեան պայքարին մաս կը կազմէ եւ տեղւոյն պայմաններով նուրբ հարց մըն է։ Արաբական իշխանութիւնները միշտ կը յարգեն Հայոց Պատրիարքութեան սեփականութեան իրաւունքը, սակայն, համամիտ չեն ըլլար, որ անոր տարածքները յանձնուին հրեայ սեփականատէրերու։ Այս պարագային թէեւ, ըստ երեւոյթին, խօսքը վարձակալութեան կը վերաբերի, սակայն, 99 տարուան ժամկէտը գործնականին մէջ կ՚ընկալուի տարածքին յանձնումը։ Սա է պատճառը, որ այդ ժամանակ Պաղեստինի իշխանութիւնները իրենց անհանգստութիւնն ու վերապահութիւնը յանձնած էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատառման։ Այժմ, իրադարձութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունեցած են, որ հարցը շատ աւելի ծայրայեղ ու ծանրակշիռ համեմատութիւններու հասած է։ Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները դադրած են Սուրբ Աթոռի գահակալի Պատրիարքի հանգամանքը ճանչնալէ։ Սա շատ բարդ հանգամանք մըն է, ինչ որ կրնայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ տկարութիւններու դուռ բանալ՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան միջոցաւ սուրբ տեղերէ ներս իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով։

Շատ կարծիքներ շրջանառութեան մէջ են՝ ստեղծուած կացութեան յաղթահարման առումով։ Պարզ է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքն ալ ներկայիս համոզուած է, թէ այդ գործարքը պէտք է յետս կոչուի։ Առարկայական միակ փաստը այն է, որ այդպիսի քայլ մը առնելու համար պէտք է վճարել հսկայական տուգանք մը՝ պայմանագիրը ստորագրած հրեայ գործարարին։ Անպաշտօն աղբիւրներ նոյնիսկ կը հաղորդեն, որ որոշ շրջանակներ Հայոց վանքին նոյնիսկ կանաչ լոյս վառած են՝ տուգանքի գումարը տրամադրելու համար։

Թէ ինչպէ՞ս կրնան ընթանալ իրադարձութիւնները, առայժմ կարելի չէ կանխատեսել վերջնականօրէն, սակայն, Երուսաղէմի հարցերուն քաջատեղեակ շրջանակները համոզուած են, թէ նման իրավիճակներու մէջ միշտ ալ կարելի է վստահիլ Իսրայէլի անկախ դատական համակարգին։ Զօրաւոր փաստաբանական գրասենեակներու հետ համագործակցելու պարագային, Հայոց Պատրիարքարանը կրնայ Իսրայէլի դատական իշխանութիւնները համոզել եւ յետս կոչել «Կովերու պարտէզ»ի գործարքը՝ անհրաժեշտ դատավճիռով։ Նոյն շրջանակները կը յիշեցնեն, որ որոշ ժամանակ առաջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պարագային եղած է նման իրադարձութիւն մը։ Սուրբ Երկրի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածի մը խնդրայարոյց վարձակալութիւնը կարելի եղած է կասեցնել Իսրայէլի անկախ դատական իշխանութիւններու վճռին շնորհիւ։ Ծանօթ է, որ յանուն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Սուրբ Երկրի մէջ Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կ՚իրականացնէ գործարքները։ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կանոնադրութեան մէջ նշուած է, որ Վատիկանի հաւանութիւնը անհրաժեշտ է՝ վարձակալութիւններու համար։ Նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ, տուեալ գործարքի պարագային Վատիկանի հաւանութիւնը չէ եղած՝ Իսրայէլի դատական մարմինները գործարքը ապօրինի նկատած են ու կասեցուցած։

«Կովերու պարտէզ»ի խնդիրը կրնայ լուծուիլ նոյն օրինակին հետեւելով։ Հայոց պարագային կանոնադրութեամբ անհրաժեշտութիւն է՝ երկարաժամկէտ վարձակալութիւններու համար միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումը։ «Կովերու պարտէզ»ի գործարքի պարագային այդպիսի որոշում մը գոյութիւն չունի։ Ուստի, այս հանգամանքը փաստելու պարագային կարելի է ակնկալել, որ Իսրայէլի դատական մարմինները համապատասխան վճիռով նոյնպէս ապօրինի նկատեն ու կասեցնեն «Կովերու պարտէզ»ի գործարքը։ Նոյն շրջանակները դիտել կու տան, որ սուրբ տեղերը տնօրինող քրիստոնէական երեք յարանուանութիւններու, այսինքն՝ Հայ Առաքելական, Յոյն Ուղղափառ եւ Հռոմէական Լատին Կաթոլիկ եկեղեցիներու հարցերու պարագային իրերանման մօտեցում եւ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի դատական համակարգին կողմէ, որ իսկապէս անկախ է Իսրայէլի մէջ։

Անշուշտ, այս բոլորը կը ցոլացնէ, որ խնդրի մինչեւ այս կէտին հասնիլը պայմանաւորուած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներքին թերացումներով եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան տկարացումով, սակայն, այժմու առաջնահերթութիւնն է հրատապ խնդրի լուծումը, որմէ վերջ միայն պէտք է մտածել մնացեալ խնդիրներու կարգաւորումը, որպէսզի Սուրբ Երկրի համազգային հարստութիւնն ու արժէքները չմնան անտէր, անգլուխ ու չդատապարտուին ամլութեան, այլ ծառայեն իրենց բուն նպատակին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023