ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիկ համալսարանի ուսանողական խորհուրդի անդամները։ Համալսարանի խորհուրդի նախագահ Գէորգ Յարութիւնեան այս առթիւ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր որդիական խոնարհումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ուսանողներու ընդունման կապակցութեամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ուսանողական խորհուրդի գործունէութեան՝ մասնաւորապէս տեղեկացնելով, որ Արցախի պատերազմէն յետոյ խորհուրդը փոխած է իր ռազմավարութիւնը եւ կ՚իրականացնէ նահատակներու ու վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներու աջակցութեան եւ ուսանողներու ռազմահայրենասիրական կրթութեան ուղղուած ծրագրեր։ Ուսանողական խորհուրդի նախագահը այս առումով մեծապէս կարեւորեց խորհուրդի առաքելութեան մէջ գործակցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց ուսանողները՝ յայտնելով, որ անոնց այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին քաջալերանք կը համարուէր իրեն համար եւ բերկրանքի առիթ։ Ուսանողական խորհուրդի հետ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիպած էր նաեւ 2019 թուականի դեկտեմբերին։

Անդրադառնալով մասնաւորապէս արձակուրդային շրջանին իրականացուելիք ծրագրերուն՝ Նորին Սրբութիւնը դրուատեց երիտասարդներու հայրենասիրական ոգին, պատերազմի ժամանակ նահատակուածներու յիշատակը վառ պահելու ուղղեալ անոնց նախանձախնդիր կեցուածքը՝ ընդգծելով, որ այսպիսի գիտակցութեամբ առաջնորդուող սերունդը պիտի կարողանայ իրականութիւն դարձնել հայրենիքի անվտանգ ու խաղաղ կեանքը։

Խօսելով Արցախի պատերազմի հետեւանքով հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որպէսզի երիտասարդները չվհատին, մարտահրաւէրներու առջեւ չնահանջեն, այլ հետամուտ ըլլան իրենց ուսումնասիրութեան, իրենց գիտելիքներով եւ հմտութիւններով լծուիլ հայրենաշինութեան գործին՝ այսպէսով յաւերժացնելով նաեւ զոհուած դասընկերներու յիշատակը եւ դառնալով քաջալերանքի ու յոյսի աղբիւր կորստեան դառնութիւնը ճաշակած բազում ընտանիքներու համար։

Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն պատգամեց փարած մնալ հայրենիքին, հայրենի հողին ու Սուրբ Եկեղեցւոյ, կապուած մնալ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն, որոնցմով ազգն հայոց միշտ եղած է զօրեղ ու միասնական եւ այդպէս կ՚ըլլայ նաեւ ապագային։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին արդի աշխարհի փոթորկալի իրողութիւններուն եւ քաղաքական զարգացումներուն մէջ քրիստոնեայի կերպարի պահպանման, հոգեւոր կեանքի փորձութիւններուն, նաեւ զանազան կրօնական կազմակերպութիւններու եւ յարանուանութիւններու վերաբերեալ Հայոց Եկեղեցւոյ դիրքորոշման։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիկ համալսարանին՝ վերստին կարեւորելով նման հանդիպումները։

Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ վերջ ուսանողական խորհուրդի անդամները այցելեցին Վեհարանի թանգարանը։

Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021