ՀՐԱՏԱՊ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օգոստոս 11-13 թուականներուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը:

Մինչեւ ժողովի օրակարգային հարցերու քննարկումը, ժողովականները իրենց աղօթքը բարձրացուցին Լիբանանի մէջ պայթումի հետեւանքով զոհուած անձանց, այդ կարգին եւ հայորդիներուն համար՝ վշտակցութիւն յայտնելով անոնց հարազատներուն, զօրակցութիւն՝ Լիբանանի ժողովուրդին: Հաղորդուեցաւ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մշտական կապի մէջ եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ՝ տեղեկանալու տիրող իրավիճակին եւ հայ համայնքին մէջ առկայ կարիքներուն: Ի զօրակցութիւն տեղւոյն հայ համայնքին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յատկացուած է 100 հազար ամերիկեան տոլար:

Ժողովի օրակարգին ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ թեմական, կրթական, ընկերային եւ եկեղեցաշինական ծրագիրներուն հետ կապուած հարցեր, հայրենական-ազգային կեանքի զանազան խնդիրներ: Ժողովին նիստերու ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան:

ԳՀԽ նախ անդրադարձ կատարեց յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ծայր առած ռազմական գործողութիւններուն, անոնց հետեւանքով սահմանամերձ բնակավայրերուն հասցուած վնասներուն, ինչպէս նաեւ այս առիթով զանազան երկիրներու մէջ հայ եւ ատրպէյճանական համայնքներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն: Այս մասին զեկոյց մը ներկայացուց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան: Սրբազան հայրը մասնաւորապէս տեղեկացուց այդ օրերուն թեմի հոգեւոր դասին մատուցած ծառայութիւններուն մասին՝ երախտագիտութեամբ արձանագրելով Հայոց Հովուապետի մշտական հոգածութիւնը եւ ուշադրութիւնը: Առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ ներկայացուց ռազմական բախումներուն հետեւանքով բնակչութեան ունեցած կենցաղային եւ նիւթական խնդիրները, ինչպէս նաեւ զանոնք լուծելու միտուած ծրագիրները:

Ժողովը դատապարտեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ սանձնազերծուած պատերազմական սադրիչ գործողութիւնները՝ կարեւորելով այս առընչութեամբ միջազգային հանրութեան գնահատականները եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն ջանքերը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմակալ առաջնորդին եւ թեմի հոգեւորականաց դասին՝ ջանադիր ծառայութեամբ հայոց բանակին եւ սահմանամերձ համայնքներուն ազգաբնակչութեան զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլալնուն համար: ԳՀԽ-ի անդամները եւս գոհունակութիւն յայտնեցին այդ ժամանակահատուածին թէ՛ Տաւուշի եւ թէ սփիւռքի զանազան համայնքներու մէջ հայ եկեղեցականներու իրականացուցած կարեւոր առաքելութեան առընչութեամբ:

Մասնաւոր քննութեան առարկայ դարձան Վիրահայոց թեմի Ջաւախքի հայ համայնքին մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած անցանկալի զարգացումները: ԳՀԽ-ի անդամները ցաւ յայտնեցին կատարուածին համար՝ կոչ ընելով ջաւախահայութեան՝ պահպանել միասնութեան ոգին: Ընդգծուեցաւ Ջաւախքի փոխ-առաջնորդութեան հոգեւոր դասի հետեւողական ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը՝ ի խնդիր համայնքին մէջ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան վերականգնումին:

ԳՀԽ անդրադարձ կատարեց նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի եւ Հանրակրթական պետական առարկայական չափորոշիչներու նախագիծերուն շուրջ արտայայտուած հանրային բազմաբնոյթ մտահոգութիւններուն:

Նիւթին հետ կապուած զեկոյց մը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առընչուող հարցերով աշխատանքային խումբի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբի ատենապետ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան: Սրբազան հայրը արձանագրեց, որ հակառակ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան հետ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութիւններուն՝ Հայոց Եկեղեցին գործնականապէս որեւէ ձեւով չէ ընդգրկուած չափորոշիչներու մշակումի գործընթացին մէջ: Աւելին՝ հրապարակուած չափորոշիչներուն մէջ կրճատուած են հայագիտական նիւթերու դասաժամերը, թոյլ տրուած են բովանդակային աղճատումներ եւ ժամանակագրական սխալներ: Հակառակ բազմաթիւ հաւաստիացումներու եւ պնդումներու՝ տարրալուծումի ճամբով դուրս բերուած է «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի գերակշիռ մասը:

Տեղեկացուեցաւ, որ Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչին շուրջ առկայ մտահոգութիւնները ենթախումբին կողմէ 10 յուլիս 2020-ի թուակիր նամակով յայտնուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, որ, սակայն, առ այսօր մնացած է անպատասխան:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, համամիտ գտնուելով Մայր Աթոռի կրթական հարցերով ենթախումբի՝ չափորոշիչներու նախագիծերուն առթիւ պարզած դիրքորոշումներուն, մտահոգութիւն յայտնեց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան լիազօր մարմիններուն հետ գործակցութեան եւ կառուցողական երկխօսութեան բացակայութեան կապակցութեամբ: ԳՀԽ-ի անդամները արձանագրեցին, որ յիշեալ գործընթացի վերջնարդիւնքի պատասխանատուութիւնը միայն պետական մարմիններունը չէ, այլ նաեւ բոլոր համազգային կառոյցներունն ու հաստատութիւններունը, քանի որ կրթական բարեփոխումները պէտք է միտուած ըլլան ազգային ինքնութեամբ, հոգեւոր-ազգային արժեհամակարգը կրող քաղաքացիի կերտման:

Ժողովին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու ուսումնական գործընթացներու մասին զեկոյց ներկայացուց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան:

Մասնաւորապէս քննարկուեցան հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու ուսումնական ծրագիրները՝ միտուած ժամանակի պահանջներուն համահունչ հոգեւորականներու նոր սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան: ԳՀԽ կարեւորեց ապագայ եկեղեցականներու պատշաճ պատրաստութեան ուղղուած ջանքերը՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է իր կրթական հաստատութիւններու պարգեւած հունձքով:

ԳՀԽ նաեւ զեկոյց մը լսեց Մայր Տաճարի նորոգութեան ընթացքին մասին: Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ժողովականներու ուշադրութեան ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ առկայ դժուարութիւնները: Նշուեցաւ, որ համաճարակի տնտեսական ծանր հետեւանքներուն պատճառով դանդաղած է նաեւ Մայր Տաճարի նորոգութեան համար հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպուած համազգային հանգանակութիւնը:

Կարեւոր համարուեցաւ, որ ջանքեր ներդրուին՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները 2021 թուականին աւարտին հասցնելու համար:

ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութեամբ ընդունեցին ներկայացուած զեկոյցը՝ իրենց գնահատանքը յայտնելով աստուածահաճոյ այս առաքելութեան իրենց նպաստը բերած բոլոր բարեսէր անհատներուն եւ հաստատութիւններուն:

Եկեղեցական կեանքի բարենորոգութեան հարցերու, մասնաւորաբար՝ Եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ հակաեկեղեցական գործողութիւններու ծիրէն ներս կարգապահական կանոնները գործարկելու մասին զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան: Հայր սուրբը համապարփակ անդրադարձ կատարեց Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններուն, որոնք կ՚առընչուին եկեղեցական, կարգապահական, դաւանաբանական հարցերուն եւ կը կարգաւորեն ներեկեղեցական կեանքը:

Քննարկումներէն ետք որոշուեցաւ ստեղծել յանձնախումբ մը՝ Եկեղեցւոյ կանոնական եւ կարգապահական խնդիրներուն առընչուող փաստաթուղթը պատրաստելու առաքելութեամբ:

Համաճարակի ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ հայրենիքի եւ սփիւռքի համայնքներու մէջ իրականացուած ընկերային աջակցութեան լայնածաւալ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը ներկայացուց Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան: Նշուեցաւ, որ համաճարակի հետեւանքները յաղթահարելու համար առ այսօր Մայր Աթոռի կողմէ նախաձեռնուած ընկերային աջակցութեան, առողջապահական եւ կրթական ծրագիրներու արժէքային համագումարը կազմած է 494.183.292 ՀՀ դրամ: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պարէնային սնունդ բաշխելու ծրագիրի ծիրէն ներս աջակցութիւն ցուցաբերուած է 69 հազար 724 հոգիի:

Ժողովականները անդրադարձ կատարեցին համաճարակի հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր վիճակին եւ հաւատաւոր ժողովուրդին օգնութիւն ցուցաբերելու ապագայ ծրագիրներուն:

Ժողովը ամփոփուեցաւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով: Հայոց Հովուապետը իր գնահատանքը յայտնեց ժողովականներուն՝ անոնց օգտաշատ քննարկումներուն համար, որոնք պիտի նպաստեն աւելի արդիւնաւորելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020