ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ պահքի ութերորդ օրն է:

Համատեսական Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեան շրջան մը անցուց, որու աւարտին փորձութեան ենթարկուեցաւ (Մտ 4.1-11: Մր 1.12-13: Ղկ 4.1-13):

Տէր Յիսուսի ծոմապահութեան եւ փորձութեան ենթարկուելու այս դէպքը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պատգամ մը ունի, թէ երբ որեւէ բանի կը ձեռնարկենք, մանաւանդ երբ մեր ձեռնարկածը Աստուծոյ կամքին համաձայն է, ինչքա՜ն ալ դժուարութիւններու հանդիպինք, չյուսահատինք, չտկարանանք, ընդհակառակը Աստուծմով զօրացած՝ յաղթահարենք բոլոր փորձութիւնները եւ նեղութիւնները:

Մեզմէ շատեր կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ Տէր Յիսուս փորձուեցաւ: Միասնաբար տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը ի՛նչ կ՚ըսեն այս մասին:

Անապատի հայրերէն՝ Հայր Սրապիոն, կը գրէ.

- Տէրը Իր օրինակով ցոյց տուաւ մեզի, թէ ինչպէս կրնանք յաղթել, ինչպէս Ինք յաղթեց փորձութեան ընթացքին:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ.

- Որովհետեւ Ա՛ն է մեր բարեխօսը, ապա Ան կ՚օգնէ մեզի որպէսզի յաղթահարենք փորձութիւնը. Ան մեզի համար օրինակ եղաւ այդ բանին համար:

- Յիսուս մեր Առաջնորդը, Ինքզինքին արտօնեց փորձութիւնը, որպէսզի սորվեցնէ Իր զաւակներուն ինչպէս պատերազմին:

Սուրբ Գրիգոր Մեծ կը գրէ.

- Իրապէս կը վայելէր Անոր Ով եկաւ մեր մահը Իր մահով լուծելու, եւ նաեւ յաղթէր մեր փորձութիւններուն՝ Իր փորձութիւններով:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

- Անոր (Տէր Յիսուսի) անօթութեան ընթացքին մօտեցաւ Իրեն, որպէսզի սորվեցնէ քեզի պահեցողութեան մեծութիւնը եւ թէ ինչպէս այն ամենէն զօրաւոր վահանն է սատանային դէմ: Այդ պատճառով Աւազանէն (Սուրբ Մկրտութենէն) ետք պէտք է բարձրանան ո՛չ թէ անժուժկալ կեանքի, խմելու եւ լեցուն սեղաններու, այլ՝ պահեցողութեան: Պահք պահեց ո՛չ թէ կարիք ունէր, այլ՝ մեզի սորվեցնելու համար: Արդարեւ, ստամոքսին հսկողութիւն չընելուն պատճառով, Ադամը վռնտուեցաւ դրախտէն, Նոյի ժամանակ ջրհեղեղը եղաւ, կայծակներ իջան Սոդոմի վրայ: Շնութիւն ըրին, սակայն զգուշացումը եկաւ ստամոքսը զսպելուն: Այս ըսել ուզեց Եզեկիէլ, ըսելով. «Այս էր Սոդոմի մեզքը. հպարտութիւն, հացով լիութիւն եւ կեանքի զեխութիւն» (տե՛ս Եզ 16.49): Հրեաներն ալ այսպիսով խորացան մեծ չարիքի մէջ, դէպի անհնազանդութիւն երթալով, խմելով ու զեխ կեանք ապրելով (տե՛ս Ես 5.11-12):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024