ՏԵՒԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Մարդասիրական օգնութեան կեդրոնին փոխանցեց շուրջ 2 հազար բժշկական արտահանիչ հագուստ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխանցուած արտահագուստներու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 16 միլիոն հայկական դրամ։ Այս արտահագուստները մասնաւորապէս բարձր որակ ունին իրենց տեսակին մէջ։ Արդարեւ, անոնք մէկ անգամուան օգտագործման համար չեն ու կրնան տեւական օգտագործման կարելիութիւն ունենալ՝ մանրէազերծումէ անհրաժեշտ նիւթերով մաքրագործումէ վերջ։

Այդ արտահագուստները Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան յանձնուեցան Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի միջոցաւ, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Հիւանդանոցի բժշկապետն ու առողջապահութեան փոխ-նախարարն ալ ներկայ էին արտահագուստներու ընդունման-յանձնման կազմակերպման։

«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այդ արտահագուստները ներկայիս անհրաժեշտութիւն են համավարակի դէմ առաջին գծի վրայ պայքարող մասնագիտական անձնակազմի՝ անվտանգ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար։ Համաճարակի ժամանակաշրջանին քորոնաժահրի հետեւանքներու յաղթահարման նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ցարդ փոխանցուած է ընդհանուր առմամբ շուրջ 30 միլիոն հայկական դրամ արժողութեամբ բազմաբնոյթ օժանդակութիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020