ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ
ԲԱՐԵԽՆԱՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ. ՊՈԼՍՈՅ

Իսթանպուլ, Թուրքիա

Սիրելի Պատրիարք եղբայր,

Ցաւօք սրտի իմացանք կանխահաս վախճանման գոյժը ձեր միաբանութեան անդամներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ երկար հիւանդութեամբ տառապեցաւ։

Այս առիթով յանուն Երուսաղէմի մեր Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներուն կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութինը ձեզի, ձեր միաբանութեան անդամներուն եւ հանգուցեալի ընտանիքի անդամներուն։

Կ՚աղօթենք առ Աստուած «զի յիշեսցէ զհոգի նորոգ հանգուցեալ ծառային իւրոյ» եւ պարգեւէ Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւն ձեր հոգեւոր դասին։

Աղօթակից՝

ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021