ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը։ Ֆինլանտիոյ Միքքելիի թեմի առաջնորդ եւ Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Սեփփօ Եպիսկոպոս Հեքքինենի կողմէ կը գլխաւորուէր խումբը։

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերու այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ընդգծելով, որ նման այցելութիւնները նոր ուժականութիւն կու տան երկու եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ տարածաշրջանի առկայ մարտահրաւէրներուն։

Հիւրերն ալ կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը։ Անոնք վստահեցուցին, թէ Հայաստանի ու Արցախի համար առկայ դժուարին ժամանակներուն աղօթակից ու զօրակից են հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023