ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՏԱՐՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։ Այս առումով Պատրիարքարանի դիւանը հոգեւորականաց դասուն ուղարկած 17 մայիս 2021 թուակիր եւ 12611 համար զեկոյցով հաղորդած էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութիւնները՝ ի մասին եկեղեցիներու մէջ ժամերգութիւններ կատարելու եւ Ս. Պատարագներ մատուցելու կապակցութեամբ։

Վերջերս առողջապահական պատասխանատու մարմիններու ցուցմունքներուն ուղղութեամբ 31 մայիս 2021 թուին առնուած պետական պաշտօնական որոշումներով նախապէս դրուած սահմանափակումները վերստին ենթարկուած են փոփոխութիւններու։ Հետեւաբար Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ ստորեւի կէտերը կը յանձնուին մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ վարչութեանց նկատառման, առ ի գործադրութիւն։

1. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻԾԵՐ

Ծանօթ է, թէ առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած կանոններուն հնազանդելու պայմանաւ արտօնուած է սրահներու նման հանրային հաւաքական ներկայութեան սահմանուած վայրերու օգտագործման պարագան՝ պայմանաւ որ գործածուէին առողջապահական դնչակապեր (եիւզ մասքէսի) ու պահուէր ընկերային հեռաւորութեան պայմանը։ Հակառակ այս բոլորին, ծանօթ իրողութիւն է նաեւ, թէ համավարակը չէ վերջացած եւ մեր պաշտամունքը եւ այլ արարողութիւններ կը կատարուին եկեղեցւոյ մէջ։ Առ այդ, նկատի ունենալով ֆիզիքական հեռաւորութեան պայմանը, եկեղեցիներէ ներս տարողութեան սահմանափակումներ կատարուած էին նախապէս։ Այս կիրարկումը կը մնայ անփոփոխ։

Այս առումով կ՚ապաւինինք մեր համայնքի անդամներու հասկացողութեան։ Հարցը կապուած է հաւատացեալներու առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած լուրջ մտահոգութեան հետ։ Եկեղեցիներու դռները հարկ եղած կանխազգուշական միջոցներով իսկ բանալ չի նշանակեր, թէ ո՛չ մէկ վտանգ գոյութիւն ունի այլեւս, որ պատճառ կրնայ դառնալ նոր վարակումներու։

2. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իւրաքանչիւր թաղային խորհուրդ պէտք է եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հրապարակէ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ նախապէս կատարուած սահմանափակումներու ուղղութեամբ ճշդուած տարողութեան թիւը։

Թաղային խորհուրդներ, կազմակերպիչներ պէտք է հարկաւոր հսկողութիւնը կատարեն ճշդուած թիւերու պահպանութեան համար։

Նաեւ Ս. Մկրտութեան, Ս. Պսակի խորհրդակատարութեանց եւ յուղարկաւորութեան արարողութեան տէրերը պէտք է նկատի ունենան սոյն հրապարակուած թիւերը։

3. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր հաւատացեալները եկեղեցիներու ուխտի օրերուն կատարելի ժամերգութիւններուն ու մատուցելի Ս. Պատարագներուն կրնան մասնակցիլ վերոյիշեալ կէտերուն հնազանդ մնալու պայմանաւ։ Կիրակի օրեր՝ եկեղեցիներէն քալելու հեռաւորութեամբ բնակող հաւատացեալներ մատուցելի Ս. Պատարագներուն կրնան մասնակցիլ՝ դարձեալ վերոյիշեալ կէտերուն հնազանդ մնալու պայմանաւ։ Բնականաբար եկեղեցիներ մեր հաւատացեալներուն առջեւ բաց կը մնան մոմավառութեան եւ ուխտի աղօթքներ կատարելու համար։

4. Ս. ՊՍԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պսակի արարողութիւնները կրնան կատարուիլ ազգականներու, ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ, այն պայմանաւ, որ նկատի առնուին եկեղեցիներէ ներս ֆիզիքական հեռաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ նախապէս կատարուած տարողութեան սահմանափակումներու պարագան։ Բաց աստի, պէտք է միշտ նկատի ունենալ նաեւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար դարձեալ կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

5. Ս. ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Մկրտութեան խորհրդակարութիւնները կրնան կատարուիլ ազգականներու, ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ, այն պայմանաւ, որ նկատի առնուին եկեղեցիներէ ներս ֆիզիքական հեռաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ նախապէս կատարուած տարողութեան սահմանափակումներու պարագան։ Բաց աստի, պէտք է միշտ նկատի ունենալ նաեւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։

Ս. Մկրտութեան պարագային ծնողներ պէտք է նկատի ունենան, թէ մանուկը ֆիզիքապէս մօտ պիտի ըլլայ քահանային, կնքահօր ու կնքամօր, այսինքն հարկադրաբար խախտուած պիտի ըլլայ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու պայմանը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար դարձեալ կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

6. ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցիներուն մէջ յուղարկաւորութեանց արարողութիւնները կրնան կատարուիլ ազգականներու, ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ, այն պայմանաւ, որ նկատի առնուին եկեղեցիներէ ներս ֆիզիքական հեռաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ նախապէս կատարուած տարողութեան սահմանափակումներու պարագան։ Կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ կամ ներկայութեամբ միայն, հեռու մնալ նաեւ ձեռնուելէ։ Նկատի ունենալով առողջապահական անպատեհութիւնը, արտօնելի չէ ցաւակցական տոմարի արձանագրութիւնը անձամբ կատարել (մատիտի ձեռքէ ձեռք պտտիլը), այլ՝ կազմակերպիչ հաստատութեան պաշտօնէին ձեռամբ։

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ նոր զարգացումներու լոյսին տակ կատարելի նոր տնօրինումներ կը յայտարարուին ըստ կարեաց։ Կ՚աղօթենք, որ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն ու այս արտակարգ վիճակը իր վերջը գտնէ եւ մենք վերագտնենք մեր բնականոն հոգեւոր կեանքը շարունակել ըստ նախընթացի։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021