ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈԼՈՆԻԱ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրուեցաւ Մեծն քսանեակի երկիրներու գագաթաժողովին ընդառաջ նախատեսուած ֆորումին մասնակցելու։ Այսպէս, 12-14 սեպտեմբերին այս ֆորումը նախատեսուած է Պոլոնիայի մէջ, Իտալիա։ Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս գլխաւոր բանախօս պիտի մասնակցի այս միջազգային ֆորումին, որու ընթացքին պիտի խօսի՝ «Կրօնի դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ» նիւթին շուրջ։ Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս ֆորումի մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու յառաջատար ներկայացուցիչներ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021