ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին եւ Հայաստանի՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուայ առթիւ հրապարակած է հետեւեալ պատգամը:

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուայ առթիւ հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք կրթական գործի կազմակերպիչներուն, մանկավարժներուն, աշակերտ եւ ուսանող Մեր զաւակներուն։

Սիրելիներ, նոր ուսումնական տարեշրջանը կը բերէ ապագայի նոր յոյսեր ու ծրագրեր եւ հաւատ, թէ այսօր սերմանուած գիտելիքներն ու արժէքները վաղը պիտի արգասաւորուին՝ որպէս բարի արդիւնքներ։ Այս տեսլականով վերստին կը բացուին մեր կրթական հաստատութիւններու դռները։

Մեր ժողովուրդը նոյնիսկ իր պատմութեան ամենադժնդակ ժամանակներուն բարձր դասած է ուսումն ու կրթութիւնը, որոնք առաւել կը կարեւորուին գիտական ձեռքբերումներու մեր դարուն։ Այսօր, երբ մեր երկիրը կանգնած է մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ, մեր ժողովուրդը տագնապալի օրեր կ՚ապրի, կրթութեան արժէքը իմացող մեր նախնեաց ոգիով ու դժուարութիւնները յաղթահարելու նախանձախնդրութեամբ ամէն ջանք պէտք է ներդրուի ուսումնական գործընթացը լաւագոյնս իրականացնելու համար, որպէսզի ազգիս իւրաքանչիւր զաւակը գիտելիքներով, իր հայրենասէր ոգիով ու ձգտումներով դառնայ ուժն ու զօրութիւնը մեր հայրենիքի եւ մեր ապահով գալիքի կերտման։

Աստուծոյ առատ շնորհները կը հայցենք այսօր կրթական օճախներ մուտք գործող մեր սիրեցեալ զաւակներուդ, կը մաղթենք մտքի ու հոգիի կորով, անդուլ ջանասիրութիւն։ Գիտցէք, որ ուսման մէջ ձեր ձեռքբերումները յաղթանակներ են, որոնք պիտի ծառայեցնէք ձեր անձնական կեանքի, ձեր ընտանիքներու եւ մեր երկրի ու ժողովուրդի յառաջընթացին։ Սուրբ Գիրքը կը պատգամէ. «Մի՛ թող իմաստութիւնը, եւ ան կը պաշտպանէ քեզ, սիրէ զայն եւ ան կը պահպանէ քեզ» (Առակաց Դ 6)։

Բարձրեալի զօրակցութիւնը կը հայցենք մանկավարժներուն եւ կրթութեան գործի կազմակերպիչներուն, կը մաղթենք արգասաւոր ուսումնական տարի։ Թող Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդի կեանքը եւ կրթութեան մշակներու շնորհակալ առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն եւ ի փառս ազգիս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021