ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոնսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց սփիւռքահայ յայտնի բժիշկ ու բարերար Կարօ Դերձակեանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ամերիկահայ բժիշկին շնորհեց «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը։

Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի ընթերցումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը Տքթ. Կարօ Դերձակեանին յանձնեց շքանշանը եւ հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։ Մեծարեալի կեանքին ու ազգանուէր գործունէութեան անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի պատասխանատուներէն Տոց. Արթուր Կրապսքի։

Տքթ. Կարօ Դերձակեանն ալ մեծարանքի արարողութեան աւարտին իր երախտագիտութեան խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019