ՈՒՆՃԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ քա­րո­զիչ՝ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին՝ Ու­րա­րա­կիր դպիր­ներ Մու­րատ Կոս­տա­նեան եւ Զա­րեհ Ա­զա­րեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ  Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կայ գտնուե­ցան Ուն­ճեան ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւի­ղէն Խա­չիկ-Սա­թի Ման­կա­սա­րեան ա­մո­լը, Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ ու­սուց­չաց կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն,  Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թե­նէն, Գալ­ֆա­եան Տան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ա­ռաջ պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց՝ «Տէ՛ր. թող այս տա­րի ալ մնայ» (Ղուկ. 13,8) բնա­բա­նով։ Հայր Սուր­բը հա­կիրճ ձե­ւով «Անպ­տուղ թզե­նի»ին ա­ռա­կը յի­շեց­նե­լէ յե­տոյ, փո­խան­ցեց օ­րուան հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ու մշա­կու­թա­յին պատ­գա­մը։ Պտու­ղը նպա­տակն ու կա­տա­րե­լու­թիւնն է ծա­ռին։ Իւ­րա­քան­չիւր անձ գո­յու­թիւն ու­նի նպա­տա­կի մը հա­մար եւ կո­չուած է պտղա­տու ծա­ռեր ըլ­լա­լու։ Իսկ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լը կո­չուած է նաեւ Քրիս­տո­սի ու­սու­ցում­նե­րուն, վար­դա­պե­տու­թեան հե­տամ­տուտ ըլ­լա­լու եւ այս ուղ­ղու­թեամբ բա­րի պտուղ­ներ տա­լու։ Ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին Լու­սա­ւո­րիչ­ներ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու կա­տա­րած գոր­ծին։ Ա­նոնք Աս­տու­ծոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը քա­րո­զե­ցին եւ պտղա­տու ծառ ըլ­լա­լու լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը տուին։ Քրիս­տո­սա­հիմն եւ ա­ռա­քե­լա­կան պտուղ­նե­րը այ­սօր տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն պահ­պա­նել ի­րենց քաղց­րու­թիւ­նը­։ Իսկ բո­լո­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է պտղա­տու վի­ճա­կի մէջ պա­հել այս ծա­ռե­րը։ Այս­պէս ե­ղան Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ա­նոնք ի­րենց հա­ւատ­քով ու հա­ւատ­քի պտուղ­նե­րով ո՛չ միայն Գա­տը­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վար­ժա­րա­նին բա­րե­րար­նե­րը ե­ղան, այլ՝ հա­մայն հա­յու­թեան։ Այ­սօր կ՚ո­գե­կո­չենք ի­րենք յի­շա­տա­կը։ Սա­կայն բա­ւա­րար չէ միայն յի­շե­լը, այլ նաեւ պա­հել՝ ի­րենց թո­ղած ար­ժէք­նե­րը, հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քէ ներս։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանս­տեան պաշ­տօն Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին յա­րա­կից սրա­հին մէջ ե­կե­ղեց­ւոյ  տիկ­նանց կազ­մի պատ­րաս­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը, ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ ազ­գա­յին­ներ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015