ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցան շարք մը կարեւոր ժողովներ, որոնց ընթացքին առնուեցան կարեւոր որոշումներ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանար Թեմական պատգամաւորական 96-րդ ժողովը, որու ընթացքին միաձայնութեամբ վստահութեան քուէ տրուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, որպէսզի յառաջիկայ ութ տարիներուն շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը։

Բացի Թեմական պատգամաւորական ժողովէն, Լոս Անճելըսի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցան՝ Տիկնանց միութեան տարեկան ժողովը եւ թեմի Հոգեւորականաց համագումարը։ Թեմական պատգամաւորական ժողովը դիւանի ատենապետ ընտրեց փրոֆ. Փարլօ Սրկ. Տէր-Մկրտիչեանը։ Ժողովի ընթացքին ընտրուեցան նաեւ Թեմական խորհուրդի անդամները։ Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, նորընտիր Թեմական խորհուրդին մաս կազմեցին հետեւեալները. Վարդան Նազիրեան (ատենապետ), Պետրոս Անսէրեան (փոխ-ատենապետ), Սիւզի Գրիգորեան (ատենադպիր), Միքայէլ Միսաքեան (գանձապահ), Սիլվա Քաչիկեան, Լեւոն Սրկ. Էսիփով, Վարուժան Ալթըպարմաքեան, տքթ. Արթին Քնաճեան, Տ. Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պուրճեկեան, Տ. Սասուն Ծայրագոյն Վարդապետ Զմրուխտեան, Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան, Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան եւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան։

Իրերայաջորդ այս ժողովներու ժամանակ թեմակալ վերընտրեալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ ալ մատոյց Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը այս փուլին ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հաւատացեալ հօտին՝ տարիներու ընթացքին իրեն ցուցաբերուած սիրոյ եւ աջակցութեան համար։ Ս. Պատարագը զուգադիպեցաւ վերընտրեալ առաջնորդի պաշտօնավարման 20-ամեակի յոբելենական փուլին։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2023