«ՏԵՍԻԼՔ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ. ԿԵԱՆՔ՝ ԸՆԾԱՅՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ»

Այսօր կը լրանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան 70-րդ տարեդարձը: Այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցանք իր գահակալութեան շրջանի ձեռնասուններէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանի ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Ա Քհնյ. Աւետիսեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ կատարուած հարցազրոյցը։

*

-Մարդկային մեր կեանքին մէջ ծննդեան տարեդարձները յատուկ նշանակութիւն ունին անձնական գետնի վրայ, իսկ երբ այդ ծնունդը կը վերաբերի նշանաւոր մարդոց, տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն կը ստանայ տուեալ ծննդեան տարեդարձը: 21 օգոստոսը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ծննդեան տարեդարձի օրն է, իսկ այս տարի՝ 2021-ին, Նորին Սրբութիւնը կ՚ամբողջացնէ 70-ամեակը: Ամենայն Հայոց Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը ի՞նչ խորհուրդ կրնայ ունենալ իր մէջ:

-Բարձրեալին բարեհաճ նախա-խընամութեամբ 21 օգոստոսը դարձաւ այն օրը, երբ 70 տարի առաջ Էջմիածին քաղաքին մօտիկ՝ Ոսկեհատ գիւղին մէջ, պարզ, հաւատացեալ, աշխատաւորի բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ ծնաւ Կտրիճ Գրիգորի Ներսիսեանը, որուն ի վերուստ վիճակուած էր դառնալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռին 132-րդ գահակալը։

Քրիստոնէական ընկալումով, իւրաքանչիւր մարդու ծնունդ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնած Փրկչին աշխարհ գալստեան խորհուրդին կը նմանի, որովհետեւ ծնո՛ւնդն է այն մեկնարկը, աստղալոյսով գծագրուող այն ճանապարհը, որով մարդուն երկրային կեանքին տարեգրութիւնն ու առաքելութիւնը սկիզբ կ՚առնէ։ Ի սկզբանէ Ամենաբարին Աստուած մարդը առաքելութեան կը կոչէ եւ ըստ Իր ողորմութեան զայն բազմապիսի շնորհներով ու կարողութեամբ կ՚օժտէ, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս Առաքեալ. «Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զանոնք բաշխողը։ Նոյնպէս ալ, ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, բայց նոյն Աստուածն է, որ զանոնք կու տայ իւրաքանչիւրին։ Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար» (Ա. Կր 12.5-7)։

Արդարեւ, տարեդարձով է, որ կը հաշուըւին մարդու կեանքին տարիները եւ անոնց հանրագումարի գնահատումով՝ մարդուն վաստակը։ Իմ պատկերացումովս այսպիսին է ծննդեան տարեդարձի խորհուրդը։

-2019-ին լրացաւ նաեւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-րդ տարին: Քսան տարուան ծառայութիւն մը՝ որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետ, բնականաբար ծանր լուծ է, սակայն, իւրաքանչիւր հայորդի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կ՚այցելէ, չի՛ կրնար չնկատել Մայր Աթոռի ապրած ծաղկունքն ու վերելքը: Ի՞նչ է Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութիւնը այս ծաղկունքին ու վերելքին մէջ, աւելին, ի՞նչ տեսլականի արդիւնք են այս բոլոր իրագործումները:

-Նոր հազարամեակի նախաշեմին Գարեգին Արքեպիսկոպոսը ազգովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ ու արժանաւորապէս Լուսաւորիչի գահը բարձրացաւ՝ որպէս քաջ եւ հաւատարիմ հովիւ, առաջնորդելու համար բարեպաշտ մեր ժողովուրդը ի փրկութիւն, ինչպէս նաեւ բոլորանուէր սիրով ու յանձնառութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ղեկը վարելու։ Նորին Սրբութիւնը հովուապետական իր առաքելութիւնը ստանձնեց մեր Հայրենիքին, հայոց նորանկախ պետականութեան ու ժողովուրդին համար բախտորոշ, դժուարին ժամանակներու մէջ։ Աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ զարգացումները, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական լարուածութիւնը, երկրի տնտեսական ու հասարակական կեանքին խնդիրները, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ու արցախահայութեան անվտանգ կեանքի ապահովման հարցերը, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան իրականացման, եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման ու եկեղեցականներու նոր սերունդի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը այն մարտահրաւէրներն էին, որոնք ծառացած էին մեր պետութեան, ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ առջեւ։

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ մեկնարկեց գահակալութիւնը նորընտիր Հայրապետին, որ պետականութեան, ազգային եւ եկեղեցական շահու բարձրագոյն գիտակցումով պայքարի բովին մէջ նետուեցաւ ու ոգի ի բռին ներդրաւ հնարաւոր բոլոր ջանքերը ի նպաստ առկայ խնդիրներու դիմագրաւումին ու կարգաւորումին։ Թէեւ երկու տասնամեակը կարճ ժամանակահատուած է ձեռնարկուած հսկայածաւալ ու երկարաժամկէտ ծրագիրներու արդիւնքները գնահատելու համար, այդուհանդերձ, բաւարար է արձանագրելու համար արդէն իսկ կեանքի կոչուած բարեփոխումները, յատկապէս եկեղեցաշինութեան եւ եկեղեցական կեանքի բարեզարդումի ոլորտներուն մէջ։

Տակաւին, բոլորս ալ ականատեսն ենք այն վիթխարի ու բազմակողմանի գործունէութեան, զոր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ու անմիջական մասնակցութեամբ կ՚իրականացնէ հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Անկարելի է այցելել Վաղարշապատ, մօտենալ Մայր Աթոռի պարիսպներուն եւ չնկատել մայրավանքի հնամենի ու աղօթաբոյր վեհութիւնն ու պայծառութիւնը՝ ընդլայնուած եւ հարստացած նորանոր, հոյակերտ ճարտարապետութեամբ աչք շոյող շէնքերն ու շինութիւնները եւ բարեխնամ ու լուսաւոր այգիներն ու արահետները։ Նախկին սահմանափակ պարիսպներով շրջափակուած մայրավանքը իրաւամբ պայծառակերպուած ու վերածուած  է հոգեւոր կեդրոնի վայել ընդարձակ, գեղեցիկ ու հոգեւոր ներկայացուցչական համազգային հաստատութեան։

Բաւական է յիշատակել քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի յոբելեանին առիթով կառուցուած Սուրբ Գրիգորի եւ Սուրբ Տրդատի արեւելեան դարպասն ու յարակից բացօթեայ խորանը, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի բակին մէջ կառուցուած Սրբոց Հրեշտակապետաց մատուռը, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը, «Գարեգին Ա.» Աստուածաբանական ու հայագիտական կեդրոնին շէնքերը, միաբանական նոր կացարանային մասնաշէնքը, վերանորոգուած եւ արդի փորձագիտական լուծումներով յագեցած ու կահաւորուած թանգարանները եւ հիմնիվեր նորոգուած հին ու նոր վեհարանները։ Շինարարական գործունէութեան այսպիսի վերելքի գլուխգործոցը՝  թագն ու պսակը, սակայն, Սրբութիւն Սրբոց Էջմիածինի Մայր Տաճարի ամբողջական վերանորոգութեան ծրագիրն է, որու բազմաշերտ աշխատանքները լայն թափով ցայսօր կը շարունակուին եւ աւարտը Աստուծոյ կամքով յառաջիկայ տարի՝ 2022 թուականին կը նախատեսուի։

Միայն այսքանը հպանցիկ յիշատակելով՝ այստեղ այլեւս անհրաժեշտ չեմ նկատեր անդրադառնալ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր թեմերէն ներս կառուցուած ու վերանորոգուած հարիւրաւոր եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ եկեղեցապատկան շէնք-շինութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը իրապէս տեսիլք ունեցող Հայրապետ է՝ որպէս արժանաւոր շառաւիղը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին։ Հայոց Հայրապետին բազմաթիւ յաջողութիւններուն եւ եկեղեցաշէն նուաճումներուն գաղտնիքը՝ Աստուածապարգեւ իր տեսիլքին, իր հոգիին երազը կեանքի կոչելու աներեր հաւատքին մէջ է։ Արդարեւ, հաւատքը գործերով կ՚ապացուցուի եւ ճի՛շդ այսպիսի հաւատքի մը տէրն է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ ըստ իր հոգեկերտուածքին ու աշխարհայեացքին։

-Մեկնելով ձեր խօսքերէն կրնա՞նք արժանապէս ըսել, թէ Նորին Սրբութիւնը իր ունեցած վաստակով արդէն իսկ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ շինարար կաթողիկոսներու շարքին կը դասուի:

-Այո՛, իրաւացի էք, Գարեգին Բ. Հայրապետը 20 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին արձանագրած շինարարական իրագործումներով, արդարեւ, վաստակած է «շինարար» կաթողիկոս ըլլալու պատուաբեր տիտղոսը՝ որպէս արժանի յետնորդ նոյնական գործունէութեամբ աչքի ինկած նախորդ հայրապետներուն։

-Կրնա՞ք Նորին Սրբութեան կեանքէն սիրամօտիկ դրուագ մը յիշել:

-Հայոց Հայրապետին տեսիլքներէն մէկն ալ Վազգէնեան դպրանոցի հիմնումն էր 1990 թուականին, Սեւանի թերակղզիի սիրտին վրայ, բլուրի կատարէն վեր խոյացած Սրբոց Առաքելոց եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ պատմական վանքերու սուրբ հայեացքին ներքեւ։ Այսօրուան կաթողիկոսը այդ ժամանակ որպէս՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոս, առաջնորդական փոխանորդն էր Արարատեան Հայրապետական թեմին։ Պատիւ ունեցած եմ Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի սան ու շրջանաւարտ դառնալու։

1993 թուականն էր, Արցախի առաջին պատերազմի թէժ օրերը։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կենաց եւ մահուան կռիւ կը մղէր։ Շրջափակման ու խորհրդային համակարգի ենթակառուցուածքներու բացակայութեան հետեւանքով երկիրը պարենային, տնտեսական եւ ընկերային լուրջ խնդիրներու մէջ յայտնուած էր եւ ժողովուրդը կը գոյատեւէր զրկանքներու գնով՝ ամէն ինչ սահմանին ու ազատամարտիկներուն համար կարգախօսով։ Ռազմաճակատէն ամէն օր կցկտուր լուրեր կը ստացուէին. այսօրուան համացանցային եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցները չկային, իսկ իրավիճակը ծայրայեղ ծանր էր։

Գարեգին Արքեպիսկոպոսը սովորութիւն ունէր երեկոները յաճախ դպրանոց այցելելու եւ կը պատահէր, որ մինչեւ կէսգիշեր հոգեւոր զրոյցներ վարէր ճեմարանական երիտասարդ սաներուս հետ՝ խրատելով ու քաջալերելով, որ լաւ սորվինք եւ հոգեւոր գիտելիքներով զինուած հովուական ծառայութեան նախապատրաստուինք ու ըլլանք բարի մշակներ, որովհետեւ, ինչպէս Սրբազանը կը սիրէր կըրկ-նել՝ «ժողովուրդը մեզ կը սպասէ»։ Օր մը, հերթական երեկոներէն մէկուն ընթացքին, բոլորիս անունով հետեւեալ առաջարկը վճռականօրէն ներկայացուցինք Գարեգին Արքեպիսկոպոսին.

«Սրբազա՜ն Հայր, այս օրերուն մենք այստեղ կ՚ուսանինք ու ապահով տանիքի տակ կ՚ապրինք, մինչ մեր հայրերն ու եղբայրները սահմանին զէնքը ձեռքերնուն մէջ օր ու գիշեր հերոսաբար կը կռուին՝ յանուն Արցախի ազատութեան։ Կը խնդրենք՝ արտօնեցէք եւ օրհնեցէք մեզ, որպէսզի մենք ալ զինուորագրուինք եւ երթանք ու միանանք մեր հայրերու եւ եղբայրներու արդար պայքարին, անոնց կողքին ըլլանք եւ մեր ծառայութեան բաժինը մատուցենք՝ տպաւորութիւն չստեղծելով, թէ վախկոտ ենք ու ընդամէնը պատսպարուած ենք այստեղ՝ ծառայութենէն խուսափելու համար։ Մենք հիմա՛ իսկ պատրաստ ենք ռազմաճակատ մեկնելու»։

Գարեգին Սրբազանը անակնկալի եկաւ, այսպիսի համարձակ ու կտրուկ առաջարկի մը չէր սպասեր։ Մի քանի վայրկեան լուռ, մտածկոտ հայեացքով բոլորիս աչքերուն մէջ նայեցաւ ու սկսաւ լալ։ Ապա կանգնեցաւ եւ հրաժեշտի փոխարէն, ըսաւ. «Ո՛չ մէկ բանի կը ձեռնարկէք, ես շուտով կը վերադառնամ ու կը պատասխանեմ ձեր առաջարկին»։

Օրեր անց Սրբազանը Սեւան վերադարձաւ։ Սիրտի թրթիռով պատասխանի կը սպասէինք։ Ան բոլորս դպրանոցի նախասրահին մէջ հաւաքեց եւ ըսաւ. «Ես երկար մտածեցի ձեր առաջարկին մասին ու զայն Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանին փոխանցեցի։ Սպարապետը գոհունակութեան զգացումով ընդունեց ձեր առաջարկը, բայց պատասխանեց, որ մնաք ու շարունակէք ձեր ուսումը դպրանոցին մէջ, որովհետեւ Եկեղեցին իր առաքելութեան իրականացումին համար նուիրեալ եկեղեցականներու կարիքն ունի, հակառակ պարագային, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, անպայման կը զինուորագրուիք հայրենեաց պաշտպանութեան սրբազան գործին»:

Այս խօսքերը Գարեգին Կաթողիկոսը մեծ յուզումով կ՚արտասանէր, բայց, միաժամանակ, մխիթարութեան վեհ զգացումով ու արժանապատուութեամբ, որովհետեւ իր հիմնած հոգեւոր հաստատութեան սաները այսպիսի անձնուէր հայրենասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ կը դաստիարակուէին:

-Ի վերջոյ ի՞նչ են ձեր բարեմաղութիւնները ուղղուած Վեհափառ Հայրապետին՝ ծննդեան 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ:

-Ուրախ ենք, որ այսօր ազգընտիր մեր Հայրապետին ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը կը տօնենք եւ բոլորիս սրտաբուխ բարեմաղթանքն է, որ Աստուած «երկա՜ր կեանք տայ Հայրապետին, երկա՜ր օրեր՝ Հայոց Հօր եւ միշտ անսասան պահէ Իր իսկ հիմնած Մայր Աթոռը»։

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021