ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ «ՇՈՂԱԿԱԹ» ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՍՓՌԵՑ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի՝ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Անցեալ շաբաթավերջին ան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Ս. Պատարագ մատոյց՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնի առթիւ։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մրգաւանի եկեղեցւոյ մէջ։ Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնն ալ անդրադարձաւ հայր սուրբի ներկայութեան։ «Եկեղեցական կեանք» ծրագիրով հաղորդուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վարդապետական թեզ պաշտպանելու համար Պոլիսէն Հայաստան մեկնած է Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան: Սա նոր գործակցութիւն մըն է Պոլսոյ Աթոռի եւ Մայր Աթոռի միջեւ: «Հայր սուրբը Պոլսոյ Պատրիարքութենէն է, ուր միւս նուիրապետական աթոռներուն պէս՝ եկեղեցականներ կը պատրաստուին հոգեւոր ծառայութեան համար:

Սահակ Պատրիարքի առաջարկով եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Հայր Յարութիւնը այստեղ պաշտպանելով վարդապետական թեզը՝ վարդապետական գաւազանը կը ստանայ Օշականի մէջ, ինչպէս Սուրբ Էջմիածնի միաբանները: Հայր սուրբին այժմ արտօնուած է ապրիլ ու աշխատիլ Մայր Աթոռի մէջ: Կ՚ըսէ՝ այստեղ թէ՛ հիւր, թէ՛ տանտէր կը զգայ ինքզինք», նշուած է հաղորդման մէջ:

Յայտագրին տեւողութեան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանն ալ անդրադարձած է իր ապրումներուն եւ տպաւորութիւններուն։ «Մայր Աթոռի օրհնութիւնը այս աշխատութեան մէջ ներմուծելով՝ քիչ մը աւելի տարբեր պիտի ըլլայ եւ ես կը մաղթեմ, թէ այս ծրագիրը, որ նուաստիս անձին մէջ կ՚իրականանայ, թէ՛ օրհնութիւն պիտի դառնայ ինծի եւ պիտի մաղթեմ, որ այս օրհնութիւնը ես ստանամ եւ զայն փոխանցեմ մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ Պոլսոյ մեր ժողովուրդին», ըսած է ան:

Հեռուստակայանի կողմէ նշուած է, որ Հայր Յարութիւն Աբեղայ ձեռնադրուած է 2015-ին: Երկու եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ է: Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղամասի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչն է ձմրան: Ամրան, երբ Պոլսոյ հայութիւնը մի քանի ամիս կ՚անցընէ Իշխանաց կղզիներուն մէջ, կը սպասաւորէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս: Վարչական պաշտօն ունի Պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժնին մէջ: Քահանայի որդի է հայր սուրբը: Հայրը՝ Տէր Գրիգորը Պոլսոյ երիցագոյն քահանան է: Եկեղեցական ասպարէզին մէջ յաջողելու համար աստուածային կանչն ու կոչումը կը կարեւորէ:

Իր կարգին, այս կէտին վրայ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան շարունակած է. «Կոչումը այնպիսի բան մըն է, որ մէկէնիմէկ չի գար: Այսինքն՝ որոշ պայմաններ, դէմքեր ու դէպքեր պէտք են, հասունութիւն պէտք է, այդ մթնոլորտին մէջ հմտանալ պէտք է: Ուրեմն եկեղեցւոյ մէջ ինչպէ՞ս կրնայ մէկը այդ կոչումը ստանալ, եթէ ոչ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելով: Այսինքն՝ ծառայութեամբ այդ մթնոլորտին մէջ կը տեսնէ ուրիշները, ժամանակ կ՚անցընէ այդ մթնոլորտին մէջ եւ Աստուած ձեր սրտին մէջ կը դնէ այդ կոչումը եւ ձեզ կը հրաւիրէ իր դաշտին մէջ ծառայելու»:

«Շողակաթ»ի պաստառին վրայ մատնանշուած է, որ Հայր Յարութիւն եկեղեցին կը համարէ իր երկրորդ տունն ու հոգեւոր ընտանիքը: Հասակ առած է Գնալը կղզիի եկեղեցասէր մանկանց եւ երիտասարդներու շրջապատին մէջ: Անոնց համար առ այսօր յիշարժան են երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի կազմակերպած սերտողութիւններն ու միջոցառումները: Հայր սուրբը գրաւած է մարդոց ծառայելու, Աստուծոյ խօսքն ու ներկայութիւնը քարոզելու հնարաւորութիւնը: Ան հոգելոյս պատրիարքը վերյիշելով՝ նշած է հետեւեալը. «Իր տեսչութեան շրջանէն սկսեալ այնտեղ այնպիսի մանկանց, երիտասարդաց առաքելութիւն մը սկսած է, որ հոն շաղախուելով, մանկանց դասերով, զուարճանալով, արարողութիւններուն մասնակցելով՝ այդ մթնոլորտին մէջ առաւել եւս պարարտացած է այդ սէրը»:

Հեռուստակայանը յիշեցուցած է, որ Պոլսոյ մէջ հոգեւորականները շատ չեն։ 20-է աւելի եկեղեցիներ կան հայաշատ քաղաքին մէջ, նոյնքան է եկեղեցականներուն թիւը, ինչ որ հոգեւոր հովուութեան համար բաւարար չէ: «20-է աւելի եկեղեցիներու մէջ, անընդմէջ ամէն կիրակի արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ: Սակայն ունինք թաղեր, ուր հայերը քով-քովի ըլլալով բազմութիւն դարձած են. օրինակ՝ Ֆէրիգիւղ, Սամաթիա, Եշիլգիւղ, Պաքըրգիւղ թաղերը: Այստեղ բնակիչները հազարներով կը հաշւուին՝ յատկապէս հայահոծ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ մենք Աստուծոյ կամքով կ՚ունենանք աւելի հոգեւորականներ, հոգեւոր եղբայրներ, որպէսզի այդ ժողովուրդի քանակին հասնինք», նշած է երիտասարդ միաբանը:

Մայր Աթոռին մէջ պատրաստուող իր աւարտաճառի նիւթը Պոլսոյ վանական կեանքը պիտի ըլլայ՝ այն շրջանը, երբ Պոլսոյ մէջ վանականութիւն եւ դպրեվանքեր կային: Հայր սուրբի նպատակն է ներկայացնել քրիստոնէական այս կեդրոնի եւ հայ իրականութեան մէջ՝ մինչ այսօր կարեւոր տեղ ունեցող կառոյցին պատմութիւնը: «Ունինք առնուազն երկու հաստատութիւններ, որոնք ներկայիս գոյութիւն ունին: Ճիշդ է՝ անոնց առաքելութիւնը քիչ մը փոխուած է, սակայն, անոնք՝ որպէս կենդանի վկայութիւն, իրենց անուններով եւ հիմքերով կը գոյատեւեն: Անոնք են՝ Գալֆաեան կուսանոցը, մայրապետանոցը եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը», այս կապակցութեամբ նշած է հայր սուրբը:

Հեռուստահաղորդման ժամանակ դիտել տրուած է, որ Հայր Յարութիւն առաջին անգամ հինգ տարի առաջ մեկնած է Մայր Աթոռ ու տպաւորուած՝ յատկապէս միաբանութեան վանական կեանքով, Մայր Աթոռի՝ Վեհափառ Հօր տնօրինութեամբ գործող բազմագործառոյթ կառոյցներով: Այս անգամ երկարատեւ այցի ժամանակ կը հասցնէ էջմիածնական միաբանութեան լիիրաւ մասնիկը դառնալ: Հայր Յարութիւնը՝ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ օծեալ քահանայ, կարելի է տեսնել եկեղեցական արարողութիւններուն: Հայր սուրբը արդէն հնարաւորութիւն ունեցած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ աւարտաճառերու պաշտպանութեան մասնակցելու՝ իբրեւ դիտորդ: Առայժմ կ՚ուսումնասիրէ թեզերու չափորոշիչները եւ պաշտպանութեան ընթացակարգը: «Մեզի համար քիչ մը վերացական գաղափար է. Էջմիածին, սրբութիւն՝ շատ բարի, բայց երբ այստեղ ներկայ կը գտնուինք, իւրաքանչիւր հոգեւորականի համար Էջմիածինը մարմին եւ արիւն կը դառնայ, այսինքն՝ իմաստ կը շահի եւ այդ բոլոր վերացական գաղափարները տակաւ առ տակաւ իմաստ շահիլ կը սկսին», նշած է ան:

Քանի դեռ չէ սկսած հիմնական աշխատանքը՝ Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան կը շարունակէ թղթակցութիւններ ղրկել Պոլսոյ  թերթերուն։ Համայնքային մամուլին համար կը նկարագրէ հոգեւոր մթնոլորտը եւ կը պատմէ իր տպաւորութիւններուն, մարդոց եւ ներշնչանքի նոր աղբիւրներուն մասին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021