ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ՝ ԹԱՔՍԻՄԻ ԱՅԱ ԹՐԻԱՏԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՂՕԹՔԻՆ

Թաքսիմի Այա Թրիատա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Քրիստոնէից միութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած այս միջեկեղեցական աղօթքին հանդիսապետեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին այս պաշտամունքին մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու հետ էին նաեւ Տ. Նաթան Աւ. Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Միջեկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Արմաշ դպրաց խումբը, որ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ, Եկմալեան քառաձայն եղանակով կատարեց «Սուրբ Աստուած»ի բաժինը։

Համավարակի սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ յունաց պատրիարքը յիշեցուց երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, երկխօսութիւնը պէտք է նկատել հարթակ մը, ուր եկեղեցիներ ուղղամտութեամբ կը բաղդատեն իրենց տարբերութիւնները եւ կ՚առերեսուին իրարու հետ, տարբերութիւնները ընկալելով՝ որպէս վարդապետական, պաշտամունքային, հովուական առաքելութեան առումով ուսումնասիրութեան դրութիւն։

Հուսկ, արարողութեան մասնակից բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները իրենց պաշտամունքի լեզուով արտասանեցին Տէրունական աղօթքը եւ պաշտամունքը եզրափակուեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի արձակման աղօթքով։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022