«ՊԱՀՔԻ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ»

Մեծ Պահքի 3-րդ օրն է:

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ Բաբգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Կիւլէսէրեանի (ապա՝ Աթոռակից Կաթողիկոս Սահակ Խապայեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին) Առաջաւորաց Պահքի առիթով գրուած «Պահքի ըմբռնումը» քարոզէն հատուածներ:

ՊԱՀՔԸ քրիստոնէական կեանքի պարտաւորութիւններէն մէկը եղած է սկիզբէն ի վեր: Բայց ա՛յնքան սխալ հասկցուած ու ա՛յնքան գէշ ըմբռնուած է պահքը, որու խօսքն անգամ ընել՝ տգիտութիւն, նախապաշարում կը համարուի այսօր: Պահքը սխալ ըմբռնողներ, միմիայն կրօնքի անտարբերներն ու կարծեցեալ լուսաւորուածները չե՛ն, այլ՝ նոյնիսկ խորին (սոֆու) քրիստոնեաներն ալ պէտք եղածին պէս չե՛ն ըմբռնած պահքը: Այնպէ՛ս որ երբ մէկ կողմին համար բնաւ նշանակութիւն չունի՝ այդ շա՛տ խելացի պատճառներով կազմուած եւ հետզհետէ եղանակաւորուած դրութիւնը, միւս կողմին համար չափազա՛նց նշանակութիւն ունի. որովհետեւ պահքով կերակուրներու խտրութենէն զատ բան չ՚ըմբռներ:

Ըսի թէ՝ պահքը քրիստոնէական կեանքի պարտաւորութիւններէն մէկը եղած է: Եւ ո՛չ միայն քրիստոնէական կեանքի, այլ՝ բոլո՛ր կրօններու մէջ պարտաւորութիւն մ՚է այդ, իր զանազան ձեւերուն ու եղանակներուն տակ: Այսպիսի ընդհանուր երեւոյթ մը անիմաստ ու աննշան չէ՛ եւ չի կրնար ըլլալ: Եթէ զուտ ուտելիքի խտրութեան վրայ ըլլար խնդիրը, պահքը իր կարեւորութիւնը պիտի կորսնցնէր. քանի որ՝ ի՛նչ որ մեզի համար պա՛հք է, ուրիշներուն համար չէ՛: Պահքի ձեւերու ու եղանակներու մասին՝ տարբեր յարանուանութիւններ համաձայն չե՛ն իրարու հետ: Պահքը, ուրեմն, իր զանազան ձեւերուն տակ սկզբունքի՛ խնդիր է եւ ո՛ւր որ սկզբունք կայ, պէ՛տք է որ լա՛ւ հասկցուի, լա՛ւ ըմբռնուի եւ վերջապէս լա՛ւ յարգուի այդ սկզբունքը. այսինքն՝ ըլլայ պա՛րտք ու պարտաւորութի՛ւն մը անհատին համար:

Ի՞նչ է, ուրեմն, պահքի սկզբունքը.- Չափաւորութիւն՝ պարապ խօսքերէն չէ՛: Մարդու առողջութիւնը, յառաջդիմութիւնը, յաջողութիւնները, իսկապէս չափաւորութեան արդիւնք են: Եւ երբ կրօնքը կը միջամտէ մարդու կեանքին ամենէն կենսական հանգամանքին, երբ իր միջամտութիւնը կ՚ընէ Աստուծոյ անունով, Եկեղեցիի հեղինակութեամբ, այո՛, այս բոլորին նպատա՛կն է կեանքի փրկարար պահպանութիւնը: Պէ՛տք է որ ռամիկին ու գիտունին միտքն ալ, սիրտն ալ գերագոյն գաղափարներու վրայ սեւեռուին եւ կեանքի ազնուութեան յարցոյցը (իտէալը) միշտ վե՛րը, միշտ բա՛րձրը մնայ՝ զե՜րծ փոփոխութիւններէ ու քմահաճոյքներէ:

Երբ պահքը այսպէս իր հարազատ ծագումով, իր հարազատ նշանակութեամբ՝ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ՝ կ՚ըմբռնուի, կարծեմ՝ ա՛լ խնդիրը իր կենսական կարեւորութեա՛ն մէջ պէտք է դիտուի:

Միշտ ուտել-խմել, պէտքէն աւելի սնունդով շուայտիլ՝ ապրելու պայմաններէն չէ՛: Մարդիկ՝ ապրելու, իրենց կեանքը կանոնաւոր կերպով պահելու եւ զարգացնելու համար ուտել-խմելու են եւ ո՛չ թէ ապրելու են՝ ուտել-խմելու համար: Այսպիսի կեանք մը անասնականէն ալ ստորի՛ն է: Որովհետեւ պէտքէն ու չափէն աւելին՝ ո՛րեւէ կերպով կը վնասէ կեանքի կանոնաւորութեան եւ եթէ ոչ այսօր, գոնէ վա՛ղը, մի՛ւս օրը, վերջապէս օ՛ր մը, երեւան կու գայ զեղծումներուն արդիւնքը, գերեզմանի ճամբան կարճեցնելու համար, թերեւս ա՛յնքան անուշ կեանքը՝ ցաւերով ու հեծեծանքով անտանելի ընելէ ետքը:

Պէ՛տք է զտէք ի՛նչ որ պահքի ըմբռնումը կը խանգարէ, եւ Չափաւորութիւնը՝ Բուն Պահքը՝ ձեռք բերելու եւ ամուր բռնելու համար՝ իբր ճշմարիտ քրիստոնեայ՝ պէ՛տք է ամէն ճիգ ընել, որպէսզի «իւրաքանչիւր ոք զիւր միտս» հաճեցնէ եւ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն հաւատարիմ մնայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023