ԱՂԷՏԱԼԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Լաչինի միջանցքը արդէն Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուած է 100 օրէ ի վեր։ Մինչ Արցախը կը մնայ պաշարուած, Հայաստանէն ու աշխարհէն կտրուած, երէկ, այս կացութեան 100-րդ օրուան կապակցութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ժողովը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ։ Նիստի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց յայտարարութեան բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Խոր ցաւով կ՚արձանագրենք, որ արդէն 100-րդ օրն է՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, հայատեաց քաղաքականութեան սաստկացող դրսեւորումներով արգելափակուած կը պահեն Արցախը Հայաստանին հետ կապող Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը։

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան դէմ պարբերաբար իրականացուող ֆիզիքական եւ հոգեբանական ճնշումները, բռնութիւններն ու ահաբեկչական գործողութիւնները առաւել կը խորացնեն մարդասիրական աղէտալի իրավիճակը։ Հակառակ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ անձնակազմի ներդրած ջանքերուն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յանցաւոր գործողութիւններուն հետեւանքով կ՚ոտնահարուին մարդոց՝ երեխաներու, կանանց եւ ծերերու կեանքի, բուժում ստանալու, տեղաշարժի եւ հիմնարար միւս իրաւունքները։

Բարձր կը գնահատենք ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան ատեանի որոշումը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի արգելափակումը վերացնելու վերաբերեալ։ Կ՚ողջունենք Եւրոխորհրդարանի վեհաժողովին կոչը, որով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կը յորդորուի կեանքի կոչել ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան ատեանին որոշումը։

Տարակուսանք կ՚արտայայտենք, որ հակառակ միջազգային հանրութեան, վերջինիս իրաւասու եւ ազդեցիկ կառոյցներուն կողմէ ճանապարհը բանալու վերաբերեալ կտրական պահանջներուն՝ առ այսօր արգելափակումը կը շարունակուի։ Կը յորդորենք ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոմիութեան պատկան կառոյցներուն, պետութիւններու ղեկավարներուն ու կրօնական առաջնորդներուն՝ հետեւողական ջանքերով հասնիլ Ատրպէյճանի կողմէ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի վճռի կատարման, ցեղասպանական գործողութիւններու դատապարտման եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգ ու բնականոն կեանքի ապահովման։

Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային ատեանի որոշման դէմ բացայայտ անարգալից նման մօտեցման հանդուրժումը պիտի սաստկացնէ մարդասիրական տագնապը, նոր վտանգներ պիտի ստեղծէ Արցախի աւելի քան 120 հազար բնակչութեան կեանքին համար, պիտի ստեղծէ միջազգային դատական ատեաններու վճիռները կոպտօրէն շրջանցելու աններելի նախադէպ, միեւնոյն ժամանակ խոր յուսախաբութիւն յառաջացնելով միջազգային արդարադատութեան նկատմամբ։

Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, առաջնահերթութիւն ունենալով մարդկային կեանքերու փրկութիւնն ու անվտանգութիւնը, հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը՝ անկախութիւն յանուն փրկութեան ու անվտանգութեան սկզբունքով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023