ՊԱՀՔՈՎ՝ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՅԱՂԹԵԼ

Մեծ Պահքի 31-րդ օրն է:

Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Ղպտի լուսահոգի հայրապետներէն Կիւրեղ Զ.-ի պահքի մասին քարոզէն հատուած մը: Այսպէս.

Պահքով է որ բարութեան թշնամիին կը յաղթենք։

Տէրը ըսաւ. «Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել» (Մտ 19.21):

Պահքը զէնք մըն, որ մարգարէները օգտագործեցին։ Մովսէսը, Եղիան, Նինուէացիները պահք պահեցին եւ Աստուած Իր բարկութիւնը վերցուց անոնց վրայէն։ Օտարութեան մէջ Դանիէլն ալ պահք պահեց։ Եւ ի՜նչ գեղեցիկ է Գիրքին իր մասին ըրած նկարագրութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ իր սիրտին մէջ դրաւ, որպէսզի թագաւորին համեղ (կերակուրներէն) չպղծուի, որուն հետ մասնակից եղան նաեւ երեք սուրբ երիտասարդները, եւ Տէրը անոնց պահեցողութեան ընթացքին՝ բոլոր մարդոց առջեւ շնորհք տուաւ, առողջութիւն, ուժ եւ գեղեցկութիւն՝ միւս բոլոր երիտասարդներէն աւելի, որոնք թագաւորին համեղ (կերակուրներէն) կերան։

Պահեցողութիւնը սիրելի զաւակներս, այն զէնքն է, որու միջոցաւ մարմինին ցանկութիւնները կը հնազանդին, որպէսզի հոգին աճի։ Այդ պատճառով պահեցողութիւնը հոգեւորութամբ կը յատկանշուի։ Մարմինին համար առաքինութիւն մը չէ միայն։

Քրիստոնէութեան մէջ պահեցողութիւնը որոշ ժամանակի մը համար դարդրիլն է ուտելէ, որու կը յաջորդէ ուտել որոշ ուտելիքներ, որոնց մէջ անասուններու արիւն չկայ։ Սակայն, ասոր կողքին պահեցողութիւնը պէտք է հոգեւոր առաքինութիւններով յատկանշուի, որոնք հոգեւոր բնոյթ կու տան պահեցողութեան։

Մարգարէն կ՚ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սիրտովը՝ ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով» (Յվլ 2.12)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023