ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ. ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման ցաւալի դրսեւորումները կը շարունակուին։ Դժբախտաբար, չի դադրիր հրապարակային բանավէճը, որով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ կ՚արտայայտուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտնած է, որ եթէ եկեղեցին կ՚ուզէ քաղաքականութեամբ զբաղիլ, ապա թող կուսակցութիւն մը ստեղծէ։

Այս բոլորին արձագանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան հակիրճ յայտարարութիւն մը ըրած է Նորին սրբազնութիւնը՝ պատասխանելով վարչապետի ելոյթին։ «Եթէ ոմանք կ՚ուզեն եկեղեցագիտութեամբ զբաղիլ, կրնան փորձել ընդունուիլ հոգեւոր ճեմարան, եթէ, ի հարկէ, յաղթահարեն ընդունելութեան համար սահմանուած կրթական շեմը եւ համոզիչ փաստարկներ ներկայացնեն առողջական բարւոք վիճակի վերաբերեալ», ըսած է ան։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023