ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԻՆԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՃԻՀԱՆԿԻՒԼԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՒՈՒՄԸ

Մեր քահանայից դասու բարեյիշատակ անդամներէն վախճանեալ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգելոյս տէր հայրը ոգեկոչուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Կէսօրուան ժամերուն ալ հոգեհանգստեան կարգ մը տեղի ունեցաւ լուսահոգի տէր հօր՝ Պալըքլըի գերեզմանատան շիրիմին վրայ։ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը, ուր իր հարազատները եւ բարի յիշատակը յարգողներ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին հոգելոյս Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022