ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ 29 ՅՈՒԼԻՍ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը շարունակէ իր հայրապետական ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետի կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 29-ը։ Մինչ այդ, Նորին Սրբութիւնը նորընտիր թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի այցելութեան ալ փութացած է։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը անցեալ շաբաթավերջին երթեւեկի արկած մը անցուցած էր։ Վեհափառ Հայրապետը այցելած է իր դարմանուած Նիւ Եորքի մերձակայ հիւանդանոցը, ուր աղօթած է Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի վրայ ու մաղթած՝ շուտափոյթ ապաքինում, կատարեալ առողջութիւն։

Թեմի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս մասնաւոր ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի շփումները հրապարակային բնոյթ պիտի չունենան։ Վերահաստատուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ նախապէս կատարուած հարորդումները, ըստ որոնց Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ թեմական եւ ազգային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022