ՄԵՂՔԷՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ

Մեծ Պահքի 4-րդ օրն է:

Քրիստոսի աշխարհ գալուստով եւ փրկագործական ծրագիրը իրագործելով, մարդը մեղքէ ազատագրուեցաւ եւ Օրէնքի տիրապետութենէն ազատելով, անցաւ շնորհքի թագաւորութեան:

Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակի 6-րդ գլուխին առաջին հատուածին մէջ կը խօսի մարդուն մեղքին համար մեռած ըլլալու եւ Քրիստոսով կենդանի ըլլալու հանգամանքին մասին: Առաքեալը կը բացատրէ, թէ մենք այլեւս մեռած ենք մեղքին, Յիսուս Քրիստոսին միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտուելով Անոր մահուան հաղորդակից դարձանք (Հռ 6.3), եւ եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ Իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս Իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ Իրեն հետ յարութիւն առնելով (Հռ 6.5): Առաքեալը կը բացատրէ նաեւ, թէ երբ մարդ մեռնի, այլեւս կ՚ազատի, զերծ կը մնայ մեղքէն, ու կը թելադրէ ըսելով՝ «դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 6.11):

Ապա կը գրէ. «Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով: Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք: Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին» (Հռ 6.12-14):

Մեծ Պահքի այս ընթացքին համար հիանալի մարտահրաւէր մըն է այս հատուածը, որ իւրաքանչիւր պահեցող հաւատացեալ պէտք է լրջութեամբ ընդունի այս մարտահարաւէրը եւ փորձէ զայն կեանքի կոչել: Առաքեալը կոչ կ՚ուղղէ ըսելով, որպէսզի այլեւս մեղքը չթագաւորէ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով: Ինչպէ՞ս կրնանք մեղքի թագաւորութենէն եւ անոր ցանկութիւններէն ձերբազատիլ, եթէ ոչ պահեցողութեամբ: Պահեցողութիւն, ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութեամբ, այլեւ աւելի՛ն՝ հոգեւոր հասկացողութեամբ, որովհետեւ իսկական պահեցողութիւնը հոգիի պահեցողութիւնն է մարմինի պահեցողութենէն առաջ: Առանց հոգիի պահեցողութեան, մարմնական պահեցողութիւնը ոչի՛նչ կ՚արժէ: Ի՞նչ է հոգիի պահեցողութիւնը, եթէ ոչ հրաժարիլ սատանայէն եւ անոր բոլոր գործերէն, դառնալ դէպի Աստուած, հնազանդիլ Անոր Սուրբ կամքին, գործադրել զայն, առաքինի կեանքով ապրիլ՝ դառնալով կենդանի վկան Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին:

Ապա առաքեալը կը պատուիրէ, ըսելով. մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք. մեր անդամները, մեր մարմինները պէտք է Աստուծոյ փառքին համար ծառայեցնենք միայն, որովհետեւ Անոր ձեռագործներն ենք, եւ ո՛չ թէ զանոնք անիրաւութեան գործիք պէտք է դարձնենք մեր չար ու անօրէն գործերով: Աւելին, մենք մեզ ու մեր մարմինները պէտք է Աստուծոյ յանձնենք, որպէսզի Անոր ձեռքին մէջ արդարութեան գործիքի վերածուինք, որով մեր նմաններուն կարենանք օգտակար ըլլալ:

Առաքեալը ապա կը կատարէ կարեւոր շեշտադրում մը, որով ցոյց կու տայ, թէ երբ այլեւս մեղքը չի՛ թագաւորեր, չ՚իշխեր մեր վրայ, ապա Օրէնքի ենթակայութենէն կ՚ազատուինք ու շնորհքի ենթակայութեան մէջ կը մտնենք, որպէս Քրիստոսի արեամբ գնուածներ եւ Աստուծոյ որդեգրութեան արժանացածներ:

Հետեւաբար, այս ճանապարհորդութիւնը օգտագործենք, որպէսզի ձերբազատինք մեղքի իշխանութենէն, մենք մեզ յանձնենք Աստուծոյ եւ Անոր ձեռքին մէջ արդարութեան եւ սիրոյ գործիքներու վերածուինք, որով սէր եւ արդարութիւն կարենանք ո՛չ միայն քարոզել, այլ՝ ապրիլ ու տարածել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023