ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ, նախընթաց օր, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը։ Պենետիկտեան միաբանութեան ընդհանուր աբբահայր Հայր Կրեկորի Փոլանի հրաւէրին ընդառաջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Այսպէս, Հռոմի Ս. Անսելմ Քենթըրպրեցիի վանքի երդիքին տակ համախմբուեցան կաթոլիկ, հայ, անկլիքան, մեթոտիստ եւ լուտերական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Ճանաչողական բնոյթով հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու տեղի ունեցած վանքը Պենետիկտեան միաբանութեան ընդհանուր աբբահայրի նստավայրն էր։

Միջեկեղեցական աղօթքով սկսաւ այս հանդիպումը, որու մասնակիցները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին հիւրընկալ աբբահօր աշխատասենեակի երդիքին տակ։ Զրոյցը առիթ ընձեռեց, որպէսզի մասնակից հոգեւորականները աւելի մօտէն ճանչնան զիրար։

Այս առաջին հանդիպումէն վերջ մասնակիցները համամիտ գտնուեցան, որպէսզի պարբերաբար կազմակերպուին նման ձեւաչափով տեսակցութիւններ՝ փոխադարձ ճանաչումը ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով։ Յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի իրականացնել յառաջիկայ աշնան՝ այս անգամ ներգրաւելով նաեւ ուղղափառ եկեղեցւոյ այն առաջնորդները, որոնք կը ծառայեն Իտալիոյ մէջ։

Հանդիպման աւարտին հոգեւոր հայրերը անմիջական զրոյցը շարունակեցին վանքի սեղանատան մէջ, ուր ճաշեցին միասնաբար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021