ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Իր մահուան 20-րդ տարելիցին առթիւ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Օրուան պատարագիչն էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի զանգակատան ներքեւ, հոգելոյս հայրապետի շիրմին առջեւ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Երջանկայիշատակ հայրապետին մասին արտայայտուեցաւ նաեւ իրաւաբան Փրոֆ. Գագիկ Յարութիւնեան։ Երկուքն ալ յուշեր փոխանցեցին Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն՝ անոր գահակալութեան շրջանին իրենց զբաղեցուցած պետական պաշտօններուն վերաբերեալ։

Նորին Սրբութիւնն ալ ընդգծեց, որ լուսահոգի հայրապետը ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած էր քարոզիչը հիմնարար երեք արժէքներու՝ աստուածսիրութեան, հայրենասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան։ «Ես վստահ եմ, թէ Գարեգին երանաշնորհ հայրապետի անձը պիտի շարունակէ իր լուսաւոր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ժամանակներու մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019