ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Հայագիտական կեդրոնի աշակերտներուն հետ։ Ան այս առթիւ գնահատեց կեդրոնի աշակերտութեան կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացներուն։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց կեդրոնին կարեւոր դերը՝ հայագիտական նիւթերու զարգացման առումով։ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ նաեւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը դիմագրաւուին հայ ժողովուրդին ու մասնաւորապէս՝ սփիւռքի կողմէ։

Հանդիպման տեւողութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատանքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի երկար տարիներու ժրաջան տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանի մասին, որու առողջութեան համար աղօթեց՝ նկատի ունենալով, որ ներկայիս դարմանման համար կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց կեդրոնի նորանշանակ տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021