ԳՀԽ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանաբնակ եպիսկոպոսներն ալ մասնակցեցան նիստին, որու ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին առընչութեամբ օրերս կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ժողովէն վերջ ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.

Հայաստանի եւ Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը վերջին երեքուկէս տասնամեակներու ընթացքին իրականութիւն դարձած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հերոսական պայքարի, զոհողութիւններու եւ յանձնառութիւններու շնորհիւ։ Հայրենեաց պաշտպան մեր նահատակ զինուորներու սխրանքն ու լուսավառ օրինակը ամուր պահած են մեր ժողովուրդի ոգին՝ դիմակայելու ամէն նեղութեան, շարունակելու հայրենի հողին վրայ իր պատմական ներկայութիւնը։

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքները մեր հայրենիքը կանգնեցուցին անվտանգային նոր մարտահրաւէրներու, գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ, սակայն նոյնիսկ այդ բարդ իրավիճակին մէջ չնուազեցաւ մեր ժողովուրդի եւ ազգային հաստատութիւններու նախանձախնդրութիւնը՝ շարունակելու պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի արդար իրաւունքները։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մայիսի 22-ի ասուլիսի ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները բացայայտեցին հանրութեան մատուցուած խաղաղութեան օրակարգի իրական բովանդակութիւնը, որով ակնյայտ կը դառնան Արցախի ապագայ ճակատագրի եւ Հայաստանի սահմանամերձ որոշակի սահմաններու առընչութեամբ բանակցային գործընթացէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու որդեգրած վտանգաւոր ու մերժելի դիրքորոշումները։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի եւ անընդունելի կը նկատէ խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուած» միակողմանի զիջումները։ Ձեռնարկուած անհեռատես քայլերով, Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման առջեւ։ Մեր զաւակներու արեան գնով ու մաքառումով կերտուած Արցախի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի տարածքները ենթակայ չեն սակարկութիւններու։ Հայրենիքը բոլորինս է եւ հայրենիքին վերաբերեալ նման որոշումները պէտք է առնուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան հիմնարար դրոյթներուն եւ օրէնսդրութեան համահունչ եւ ո՛չ առանձին քաղաքական խումբերու եւ խմբաւորումներու հայեացքով։

Իշխանութիւններուն կը յորդորենք՝ հրաժարիլ պարտուողական մտայնութենէն եւ անկէ բխած կործանարար քայլերէն, համազգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գտնել խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ։ Կոչ կ՚ուղղենք համայն մեր ժողովուրդին, ազգային կառոյցներուն՝ օրհասական այս պահուն ողջախոհութեամբ սթափ գնահատելու ստեղծուած բարդ կացութիւնը եւ աննահանջ ու միաբան մնալու մեր համազգային շահերու, Արցախի ինքնորոշման իրացուած իրաւունքի հետապնդման գործին մէջ։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք մեր ժողովուրդի վճռական կամքի արտայայտութիւնը։

Խաղաղութիւն մեր հայրենիքին, ապահով ու անվտանգ կեանք համայն մեր ժողովուրդին ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Անթիլիասի դիւանը հաղորդեց, որ Կիլիկեան Աթոռը կը մերժէ բոլոր տեսակի փորձերը, որոնք Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը նկատեն։ «Հարկ է ըլլալ արթուն, հեռատես ու մանաւանդ՝ միակամ։ Արցախի՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմելով ո՛չ միայն պիտի վտանգուի Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը, այլեւ՝ Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ համախմբուելու եւ զօրակցելու Արցախին», նշուած է Անթիլիասէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023