ԹԱՓՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) հերթական համագումարը յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած է Գերմանիոյ Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ։ Այս համագումարին ընդառաջ էքիւմենիք շրջանակներու կողմէ յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ԵՀԽ-ի կեդրոնական վարչութեան նստաշրջանը։ Ժողովներուն ատենապետեց տքթ. Ագնէս Ապաում։ Օրակարգի աշխատանքները, ըստ էութեան, ուղղուած էին «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՚առաջնորդէ հաշտութեան եւ միասնութեան» նիւթին ձօնուած մօտալուտ համաժողովի ծրագրերու համադրման։ Ապաում նշեց, որ մօտալուտ համաժողովը պիտի հանդիսանայ հարթակ մը, ուր ԵՀԽ-ի ապագան պիտի ծրագրաւորուի անդամ եկեղեցիներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022