ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԸՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը կը շարունակուի եւ զուգահեռաբար ընկերատնտեսական կացութիւնն ալ կը ծանրանայ՝ ուղղորդուելով ցոյցերով եւ ատեն-ատեն ալ, դժբախտաբար, բռնութիւններով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկրի հոգեւոր առաջնորդները անմիջական կապի մէջ են իրարու հետ։ Այս ծիրէն ներս, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիտ Եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պըքերքէի մէջ, ուր կը գտնուի Մարոնիտ Եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին։ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Ռայի Պատրիարքի կողքին էր իր փոխանորդը՝ Փոլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին օրակարգի միակ նիւթը եղաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս հարցին շուրջ երկու հոգեւոր առաջնորդները շարունակ խորհրդակցութեան մէջ կը գտնուին։ Շուրջ երկու ամիս առաջ Ռայի Պատրիարքը այցելած էր Անթիլիաս, ուր եւս տեղի ունեցած էին կարծիքի փոխանակումներ։ Երկրի հոգեւոր առաջնորդները կը նախատեսեն նոյն օրակարգով տեւականացնել խորհրդակցութիւնները։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023