ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Կրաէմ Միհանը, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան ստանձնման առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան։ Ան ընդգծեց աւստրալահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ աւստրալահայութիւնը կը շարունակէ իր արդիւնաւոր ներդրումն ու նպաստը բերել թէ՛ պետութիւններու կապերու զարգացման գործընթացին եւ թէ Աւստրալիոյ յառաջընթացին։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց դէպի Աւստրալիա իր հովուապետական այցելութիւնները եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ համայնքի ծաղկուն ազգային-եկեղեցական կեանքին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ ու յարգալից վերաբերմունքին։ Ան այդ հոգատարութեան համար փոխանցեց իր գնահատանքը Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020