ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՄՐԱԿԱՅՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնը միջոցէ մը ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ պաշտօնապէս համազգային հանգանակութիւն յայտարարեց՝ ի նպաստ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ բարեզարդութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հրատապ ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքները սկսած են 2017 թուականին՝ զերծ պահելու համար հայութեան նուիրական սրբավայրը հաւանական փլուզման վտանգէ։ Մայր Տաճարի վերջին ամրակայումը կատարուած էր 1950-60-ական թուականներուն եւ մասնակի բնոյթ կրած էր։ Միածնաէջ տաճարի պահպանման եւ ամրացման առումով սա վերջին հարիւրամեակին ձեռնարկուած մեծագոյն հիմնանորոգութիւնն է, որ կը պահանջէ նաեւ աշխարհի բոլոր ծագերուն բնակող հայ ժողովուրդի զաւակներու անմիջական մասնակցութիւնը։

29 յունիս 2019 թուականին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին, այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը սրբատառ կոնդակով մը համայն հայութեան ուղղած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Եկէ՛ք կառուցենք լոյսի Սուրբ Խորանը» կոչը։

Մայր Տաճարի նորոգութեան համար օգնութիւնները համակարգելու նպատակով ստեղծուած են հոգաբարձուներու պատուոյ յանձնախումբ մը եւ գործադիր մարմին մը։ Պաշտօնի կոչուած է նաեւ աշխատանքային խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Սփիւռքի զանազան թեմերէն կամ համայնքներէն ներս ձեւաւորուած են տեղական յանձնախումբեր։

Այսօր հայութեան Սրբութիւն Սրբոցը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը կարիքն ունի իր իւրաքանչիւր զաւկի օժանդակութեան, որպէսզի շարունակէ իր յաւիտենական առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցուիլ www.cathedral.am կայքէջի միջոցաւ, ուր տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներու վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ալ ստանալու հնարաւորութիւն ընձեռուած է։

Երանի անոր, որ յիշատակ ունի Սուրբ Էջմիածնի մէջ։   

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020