ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, վերջերս կատարուեցան եկեղեցականներու նոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Նորին Սրբութեան կողմէ կատարուած այս տնօրինութիւններուն շուրջ։

Այսպէս, Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան յառաջիկայ ապրիլի 1-էն սկսեալ նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մագիստրոսական բաժնի ղեկավար։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը զբաղեցնէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօնը։

ՀԵՀԵՄ

Միւս կողմէ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորումի (ՀԵՀԵՄ) գործունէութիւնն ալ կը շարունակուի զանազան ուղղութիւններով։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի թեմական, շրջանային եւ համահայկական ծրագրերու քննարկման հետամուտ առցանց խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի ղեկավարութեան անդամներն ու մասնաճիւղերու ատենապետները հեռակայ դրութեամբ արժեւորեցին ընդհանուր աշխատանքը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին անունով այս խորհրդակցութեան մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Երազ Չաղլաեան։

Հարկ է նշել, որ այս տարի ՀԵՀԵՄ-ի մեծ ուխտագնացութիւնը նախատեսուած է 5-10 յուլիսին։ «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական երիտասարդական այս ուխտագնացութեան եւ համապատասխան կազմակերպչական աշխատանքներն ալ առցանց քննարկումներու ընթացքին ժողովականներու ուշադրութեան առարկայ դարձան։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023