ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արդէն հրաժեշտ կու տայ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն եւ նահատակներու սրբադասման արարողութիւններուն առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած միջեկեղեցական հիւրերուն։
Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ընտանիքի հովուապետներէն՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաւադրոս Բ. Պատրիարքին, Ասորի Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ Մալանկարայի Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թոմայ Փաուլոս Բ. Պատրիարքին հետ, որոնց շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատացեալ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Ըստ Նորին Սրբութեան, ի Քրիստոս հոգեւոր եղբայրներու Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը հոգեւոր մեծ մխիթարութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին համար ու միեւնոյն ժամանակ ամբողջ աշխարհին կը պատգամէր, որ Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամները կը բաժնեն իրարու թէ՛ ուրախութիւնը եւ թէ տխրութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ նաեւ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Տ. Եուհաննա Ժ. Պատրիարքին հետ։ Զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր մտահոգութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու բնակիչ քրիստոնեաներու ծանր կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետը այս կապակցութեամբ աղօթքով մաղթեց, որ Բարձրեալը զօրացնէ պատրիարքն ու իր հօտը՝ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները։
Վեհափառ Հայրապետին հրաժեշտ տուին նաեւ վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած Ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Փրակի Արքեպիսկոպոս Ռասթիսլաւի, Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոս Թիխոնի, Սէն Փեթերսպուրկի Մետրապոլիտ Վարսոնոֆի, Զիմպապուէի Մետրապոլիտ Սերաֆինի եւ այլք։
Վեհափառ Հայրապետը ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակից Անկլիքան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն ալ դարձուց գնահատանքի առարկայ, Լոնտոնի Հոն Ռիչըրտ Չարթրէս Եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ։ Լոնտոնի արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Վելպիի զօրակցութեան գրութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց նաեւ Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Օլաւ Թուէյթը, Եւրոպական եկեղեցիներու գոնֆերանսի նախագահ Քրիստոֆըր Հիլլը, ԱՄՆ-ի Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ճիմ Ուինքլէրը եւ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կազմակերպութիւններու այլ ներկայացուցիչները։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը հրաժեշտի հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւններուն հետ։ Այս շրջագծով ան զրուցեց Վատիկանէն՝ Քրիստոնէական միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխի եւ Մարոնիտ Եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հետ։