ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Գայիանէ Յակոբեանի բանտարկութեան կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ թողարկուած հրապարակումը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՚արտայայտէ իր խոր մտահոգութիւնը վարչապետի որդւոյն ենթադրեալ առեւանգման մեղադրանքով որդեկորոյս ծնող Գայիանէ Յակոբեանի դէմ կալանք կիրառելու առընչութեամբ։

Հասարակութեան մէջ խռովութիւններ եւ յուզումներ կը յառաջացնեն նման ընթացքները, որոնք ազգային անվտանգութեան ներկայ սպառնալիքներու պայմաններուն ներքեւ ծանր հարուած են հայրենիքի պաշտպանութեան լծուած մեր զաւակներու ոգիի զօրութեան ու նուիրումին դէմ եւ կրնան ազգային կեանքէն ներս նոր պառակտումներու պատճառ դառնալ։

Իշխանութեան պատկան մարմիններուն կը յորդորենք՝ առաւելագոյնս հաշուի առնելով նահատակ զինուորի ծնողի պարագան, երկրէն ներս առկայ մտահոգութիւններն ու զգայնութիւնները, քրէական գործի քննութիւնը իրականացնել ամենայն անաչառութեամբ, առանց տիկին Գայիանէ Յակոբեանի մեկուսացման։

Կ՚աղօթենք մեր հայրենիքի խաղաղութեան, մեր պետութեան անվտանգութեան համար։ Կ՚աղօթենք նաեւ նահատակեալ մեր բոլոր զաւակներու հոգիներու հանգստութեան համար եւ մեր զօրակցութիւնը կը բերենք նահատակեալ զինուորներու ծնողներուն եւ ընտանիքներուն։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023