ԿԱՐԵՒՈՐ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հիւրը եղան Լիբանանէն՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան անդամները։ Հարկ է նշել, որ 35 հոգիէ բաղկացեալ այս խումբը ներկայիս ուխտագնացութիւն կը կատարէ դէպի Հայաստան եւ Արցախ։

Միութեան ատենապետ Տիգրան Միհրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան հայրական օրհնութեան համար եւ ընդգծեց իրենց պատրաստակամութիւնը՝ մշտապէս օգտակար ըլլալու ուղղութեամբ Հայաստանին եւ Արցախին։ Ատենապետը միութեան անունով նաեւ բարեմաղթանքներ յղեց Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնը երիտասարդներուն՝ ողջունելով միութեան անդամները Հայաստան առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ նման այցելութիւնները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ճանչնալու համար այն բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք կերտուած են հայ ազգին կողմէ եւ որոնցմով ներշնչուած է հայ ժողովուրդը։ Ան աւելցուց, որ այդ բոլորի պահպանման եւ յաջորդ սերունդներու փոխանցման պատասխանատուութիւնը դրուած է իւրաքանչիւր հայորդիի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով կարեւորեց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը նաեւ ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդներու հայրենասիրական ոգիին համար՝ յորդորելով առաւել մեծ սիրով եւ ազգային կեանքի մէջ լիարժէք ներգրաւուածութիւնով շարունակել ազգային արժէքներու անխաթար պահպանման ու փոխանցման իրենց նախնիներու գործը։

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն նոր լիցք կը հաղորդէ երիտասարդներուն, կը վերափոխէ հայրենական կեանքի վերաբերեալ անոնց ընկալումները։

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ միութեան անդամներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին զանազան ոլորտներու մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019