ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու եւ դպիրներու կողմէ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց՝ «Վերջին օրերուն երբ հաւատքը պակսի, շատերու սէրը պիտի պակսի» (Մատթ. 24.12) Աւետարանական բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, թէ հաւատքն ու սէրը զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Առանց միոյն, միւսը գոյութիւն չ՚ունենար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Պէյքոզի ուխտավայր դարձած դարաւոր եկեղեցւոյ կարեւորութեան եւ առաքելութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք կը ջանան վառ պահել եկեղեցւոյ կանթեղը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետի սրբանկարին առջեւ կատարուեցաւ խաչահանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին խորհրդարանին մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023