«ՄԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է։ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ Է»

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Բանակի օրը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին հետ կը համընկնի այս տարուանը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ նշուած է, որ այս տարուան Բանակի օրը ունի տարբեր խորհուրդ մը։

Բանակի օրուան առթիւ պատգամ մըն ալ հրապարակեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ «Այս տարի Բանակի տօնը կը դիմաւորենք պատերազմի ողբերգական հետեւանքներու ցաւը մեր հոգիին մէջ», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ։

Մինչ այդ, Նորին Սրբութիւնը այս առաւօտ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը։ Ան հերթական անգամ ծաղիկներ խոնարհեց նահատակներու շիրիմներուն եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց անոնց հոգիներու խաղաղութեան, անդորրութեան ու լուսաւորութեան համար։

Եռաբլուր տուած այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մամլոյ սպասաւորները Նորին Սրբութեան յիշեցուցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին վերաբերեալ յայտարարութիւնը։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Մեր դիրքորոշումներուն եւ համոզումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է»։

Ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կ՚առաջնորդուի ազգային եւ պետական շահերով։ Արդեօք եկեղեցին քաղաքական ուժերէն մէկուն կողմը չի բռնե՞ր։ Վեհափառը այս մասին ալ ըսաւ հետեւեալը. «Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, եթէ համահունչ է այս կամ այն խմբակի, քաղաքական ուժի հայեացքներուն, ապա սա պէտք չէ մեկնաբանուի՝ որպէս եկեղեցւոյ կողմնակցութիւնը այս կամ այն քաղաքական կուսակցութեան։ Եկեղեցին վերքաղաքական հաստատութիւն է»։

Լրագրողներ հարց տուին նաեւ, թէ եկեղեցին ի՞նչ հետեւութիւններ ըրած է, երբ հրաժարականի կոչէն վերջ բազմաթիւ քաղաքացիներ փողոց դուրս չեն եկած։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մենք որեւէ ձեւով յորդոր եւ կոչ չենք ուղղած, որպէսզի ժողովուրդը դուրս գայ փողոց եւ համապատասխան գործողութիւններու մասնակցի։ Մենք յորդոր ուղղած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ մեր հիմնաւորումները ներգրաւուած են, առկայ են մեր խօսքի թեքստին մէջ»։

Թէ ինչո՞ւ եկեղեցին եւ իշխանութիւնները այսպիսի ձեռնարկներուն առանձին-առանձին կը մասնակցին։ Այս հարցին պատասխանելէ առաջ ալ Վեհափառ Հայրապետը լրագրողներէն նախ ճշդեց, թէ երկրի ղեկավարութիւնը այսօր այցելա՞ծ էր Եռաբլուր։ Երբ ստացաւ դրական պատասխան, ան նշեց, որ տեղեկացուած չէ եղած ղեկավարներու այցելութենէն։ Յամենայնդէպս, Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ ներկայ իրավիճակին մէջ այս տարբերակը պատշաճ մօտեցում է։

«Երբեք երկիրը այսպիսի ծանր իրավիճակի մը մէջ չէ եղած։ Հայրենիքի նման կորուստ չենք ունեցած։ Երկիրը նման վտանգներու առջեւ կանգնած չէ գտնուած։ Անորոշութիւնը վաղուայ օրուայ նկատմամբ անհանգստացնող, տագնապեցնող այսպէս չէ եղած մեր ժողովուրդին համար եւ այս կացութեան մէջ եկեղեցին, բնական է, իր առաքելութեան մէջ պէտք է գտնուէր եւ իր խօսքը՝ զգաստացնող, պատգամ բերող խօսքը պէտք է ըսէր», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։

Պատասխանելով պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Աստուած մի արասցէ։ Ռիսքեր միշտ ալ կան։ Մենք կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի խոհեմ, իմաստուն ընթացքով եւ հայրենանուէր ջանադիր աշխատանքով նման վտանգները կը յաղթահարուին»։

Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական եկեղեցիներու պղծման խնդրին անդրադառնալով՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ եկեղեցին խստագոյնս կը դատապարտէ այդ երեւոյթները ու ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը եւս իր դատապարտութեան խօսքը ըսէ այդ երեւոյթներուն առընչութեամբ։ «Այս առումով մենք կը գնահատենք Ռուսաստանի իշխանութեան, նաեւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին, մեր հոգեւոր եղբօր աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը, որով հնարաւոր դարձաւ, որպէսզի Դադիվանքը այսօր շարունակէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը»։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց. «Մենք հնարաւոր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, որպէսզի կարողանանք նպաստել մեր գերեվարուած զաւակներու վերադարձին»։ Ճշդող ուրիշ հարցի մը ի պատասխան՝ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ պատշաճ բոլոր քայլերը կ՚առնուին, քննարկումները կը կատարուին եւ հաւանական է նաեւ Հռոմի Պապին ալ դիմել այս հարցին շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021